Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2007 - Պուլկարիոյ Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը

Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2007-ին, կէսօրէն առաջ ժամը 10:00ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Պուլկարիոյ Նորանշանակ դեսպան՝  Պր. Վենելին Լազարովը: 

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, դեսպանը լաւ արտայայտուեցաւ Պուլկարիոյ Հայութեան մասին որոնք իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական կեանքին ներս: Իսկ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ Պուլկարիոյ մէջ Հայութեան ձեռք բերած զարգացման մասին որ արժանի է գնահատանքի: Հոգեւոր Տէրը անոր փոխանցեց լայն տեղեկութիւններ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի մասին եւ հրաւիրեց զինք այցելելու Զմմառու դարաւոր վանքը:

Այնուհետեւ խօսակցութիւնը շօշափեց շրջանային իրավիճակը եւ լիբանանի կացութեան հայող խնդիրներ: Մեծարգոյ Հիւրը տեղեկացուց յատկապէս Լիբանան-Պուլկարիա փոխ յարաբերութիւններուն մասին, մասնաւորաբար մշակութային, տնտեսական եւ կրթական մարզերէն ներս:

Այցելութիւնը վերջ գտաւ Զատկուայ բարեմաղթանքներու փոխանակումով եւ Լիբանանին ամբողջական խաղաղութեան Պր. Դեսպանի մաղթանքով:

Պէյրութ, 11 Ապրիլ 2007           

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ