Երեքշաբթի, 6 Յուլիս 2010 - «Ովասիս» ամառնային դաստիարակչական եւ ուրախ ժամանցի ծրագիրին վերամուտը

 

Պուրճ Համուտ, Լիբանան

 

oasis2342
Երկուշաբթի
, 5 Յուլիս 2010-ի առաւօտեան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից եւ Բարձրագոյն վարժարաններու շրջափակը ուրախ եռուզեռ կը տիրէր։ Վերամուտն էր Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ ուրախ ժամանցի ամառնային «Ովասիս» ծրագիրին, որուն մաս կը կազ­մեն Լիբանանի տարբեր վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներէ ժա­մանած թիւով 300 աշակերտներ։

 

Աւանդութեան համաձայն «Ովասիս»ի դասարանները բաժնուած են զոյգ մեծ խումբերու՝ Փոքր Մասիս եւ Մեծ Մասիս, որոնք իրենց կարգին կը բաժնուին 14 դասարաններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատմական եւ ներ­կա­յիս Հայաստանի գաւառներու, լեռներու, քաղաքներու անուններ, ինչպէս օրի­նակ՝ Էրզրում, Վան, Մուշ, Սիփան, Սասուն, Կիլիկիա, Արարատ, Սարդարապատ, Ար­ցախ, եւայլն։

 

Աշակերտութեան առջեւ խօսքը առաւ Մեսրոպեան Արուեստից եւ Բարձ­րա­գոյն վարժարաններու տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «12-րդ տա­րին ըլլալով միասնաբար կը խմբուինք այս ուրախ ամառնային ծրա­գի­րին շուրջ, ուր բոլորիս կը սպասուի զուարճալի, հաճելի եւ օգտաշատ աշխա­տանք։ Ան­շուշտ, սիրելի աշակերտներ, ձեզմէ ալ կը սպասենք կար­գա­պա­հու­թիւն, որով դուք միայն կ՛օգնէք «Ովասիս»ի հեզասահ աշխատանքներուն։ Բա­րի վերա­մուտ»։

 

Այնուհետեւ «Ովասիս»ի քահանայ հայրը՝ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թա­դէոս­եան օրհնեց սկսած աշխատանքը, եւ միասնական «Հայր Մեր»ով ու «Պահ­պա­նիչ»ով բարի, ապահով ու անփորձանք ամառ մը մաղթեց բոլորին։

 

Յիշեցնենք, որ «Ովասիս»ի աշխատանքները պիտի երկարին 8 շաբաթ­նե­րու վրայ, առաւօտեան ժամը 9։00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրուան ժամը 1։00-ը, որոնց ընթացքին շաբաթական 4 օրեր պիտի ընթանան դասարանային աշ­խա­տանք­ներ, որոնց ընթացքին աշակերտները պիտի հետեւին ձեռայինի, քան­դա­կա­գործութեան, ձեռագործի, երգի, պարի, այքիտույի, քոնկ ֆուի, խո­հա­նո­ցա­յին գիտելիքներու, սերամիքի, վերսայի դասընթացքներուն։ Իսկ շաբաթական մէկ օր՝ Չորեքշաբթի օրերը, տրամադրուած են հետաքրքրական պտոյտներու։

 

«Ովասիս» ամառնային ծրագիրը ունի 53 փորձառու դաստիարակներ եւ ուսուցիչներ։

 

 

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ