Վատիկան
Հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը երիտասարդներու համաշխարհային Օրուան առիթով, որ պիտի նշուի յառաջիկայ Ծաղկազարդի տօնին՝ 13 ապրիլ 2014-ին: Սրբազան Հայրը կը թելադրէ երիտասարդներուն «երջանկութեան քաջութիւնը» ունենալ եւ կը յիշեցնէ իրենց երթը 2016-ին դէպի Քրաքովիա, ուր տեղի պիտի ունենան յաջորդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը: Այս տարուան համար, Սրբազան Հայրը կոչ կ'ուղղէ երիտասարդներուն խորհրդածելու ըստ սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին հետեւեալ երանութեան մասին. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը»: 2015-ին՝ խորհրդածելու հետեւեալ երանութեան մասին. «Երանի՜ անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն»: Իսկ 2016-ին՝ խորհրդածելու հետեւեալ երանութեան մասին. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»:
Իր Պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ'ուղղէ նաեւ ժուժկալութեան եւ միասնականութեան, յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը, աւելցնելով որ աղքատները մեզի շատ բան կրնան սորվեցնել խոնարհութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան մասին: