Վատիկան
«Ռատիօ Վատիկան»ը կը տեղեկացնէ թէ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը` ի տես յառաջիկայ հոկտեմբերի Վատիկանի մէջ գումարուելիք ''Ընտանիքի'' մասին 2015-ի եպիսկոպոսաց 14-րդ սիւնհոդոսին, ի շառս աշխարհի բոլոր երկիրներուն եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու անդամներուն, որոնք իրաւունք ունին մաս կազմելու վերոնշեալ սիւնհոդոսին, նշանակած է նաեւ արհիապատիւ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանը՝ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը, որպէս Թուրքիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի ներկայացուցիչ անդամ։