Պէյրութ
ՄԻԱՍԻՆ եւ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ…
ՄԵՆՔ ՈՒԺԵՂ ԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ
Հայաստան-Սփիւռք համահայկական Ե. համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ 19-20 Սեպտեմբերին Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի մեծաշուք դահլիճին մէջ, հանդիսացաւ պերճախօս վկայութիւնը համաժողովին շուրջ հազար մասնակիցներուն կողմէ որդեգրուած Յայտարարութեան վերջաւորութեան կատարուած այն հաստատումին որ «մենք ուժեղ ենք միասին եւ միասնաբար պիտի կերտենք մեր պատմութիւնն ու ապագան՝ յանուն հզօր եւ ապահով ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, յանուն անկախ ու յաղթանակած ԱՐՑԱԽԻ եւ յանուն կազմակերպուած ՍՓԻՒՌՔԻ»։
Համաժողովի ընթացքին, Հայաստանի պետութեան ղեկավարութեան, Սփիւռքի քաղաքական-կուսակցական, միութենական անխտիր բոլոր կառոյցներու ու շրջանակներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն առանցքը միասին ըլլալու եւ միասնաբար գործելու հրամայականն էր։ Այդ հրամայականին կարեւորութիւնը բոլոր մասնակիցներու շրթներուն վրայ էր համաժողովի բացումէն առաջ, անոր ընթացքին եւ աւարտին, համաժողովի նրբանցքներուն մէջ, յընթացս ընդունելութիւններուն եւ մտերիմ խօսակցութիւններուն։ Այդ կարեւորութեան գիտակցութիւնը երկրորդական կը դարձնէր համաժողովի արդիւնաւէտութեան մասին ոմանց թերահաւատութիւնը՝ ի տես մասնակիցներու այնքան մեծ թիւին, որ փառատօնային մթնոլորտ մը ստեղծած էր։ Այդ թերահաւատութիւնը եւ մթնոլորտը, սակայն, համաժողովի նրբանցքներուն մէջ մնացին։
Արդարեւ, այդ հրամայականին գիտակցութեամբ է որ բոլոր հայագաղութներու ներկայացուցիչները ընդառաջացած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրին, մուտք գործեցին նիստերու դահլիճներէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին միաբերան յայտարարելու համար որ ողջ հայութիւնը իր միասնական ջանքերը պէտք է նպատակաուղղէ.-
-Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել զօրացման, յետագայ յառաջընթացին եւ ապահովութեան։
-Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդարացի եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ լուծումին։
-Սփիւռքի առաւել կազմակերպման։
-Ազգային ինքնութեան պահպանման եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբումին։
-Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, դատապարտումին եւ հետեւանքներու վերացումին։
-Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբումին։
-Արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու օգնութեան ու աջակցութեան։
ԲԱՑՈՒՄԸ
Մեծաշուք բացման նիստին, աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւններէն ժամանած շուրջ 700 ներկայացուցիչներուն դիմաց՝ ամպիոնին վրայ կողք կողքի նստած էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահմեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեանը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ Հովել Միքայէլեանը, հայ աւանդական երեք կուսակցութեանց ղեկավարները, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անշուշտ ուշագրաւ էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի բացակայութիւնը, որուն պատճառը սակայն անոր պաշտօնական այցելութիւնն էր Վատիկան, ճիշդ միեւնոյն պահուն հանդիպում մը ունենալու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, զինք 2015-ին Հայաստան այցելելու հրաւիրելու համար։ Հաւանաբար այս հանդիպումին Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի բացումին հետ զուգադիպութիւնը պատահական չէր, որովհետեւ հայասէր Պապը 2015-ին Հայաստանի մէջ տեսնելու՝ ոչ միայն Հայաստանի նախագահին, այլ Երեւանի մէջ համախմբուած համայն Հայութեան ցանկութիւնն էր որ նախ. Սարգսեան պիտի փոխանցէր Կաթոիկէ Եկեղեցւոյ Պետին։ Ինչպէս որ պատահական չէր կրնար ըլլալ ՄԱԿ-ի տարեկան Ընդհանուր Ժողովի ամպիոնէն նախ. Սերժ Սարգսեանին՝ իր հաստատակամութեամբ ու խստաշնչութեամբ աննախընթաց ելոյթին զուգադիպութիւնը Համաժողովի օրերուն, որովհետեւ անոր խօսքը արտայայտութիւնն էր ոչ միայն երեք միլիոն քաղաքացիներ հաշուող պետութեան նախագահին, այլ տասը միլիոն ժողովուրդի միակամ կեցուածքին։ Արդարեւ, այդ տասը միլիոնին ձայնով է որ ակնարկելով Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն վաւերացումը՝ Ազատ Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու թրքական պայմանին, Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յարեց «Գրողի ծոցը վաւերացնէք», աւելցնելով որ պաշտօնական Երեւանը լրջօրէն կը քննարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանէն յետս կոչելու հարցը։
Համաժողովի հանդիսաւո բացման իր խօսքին մէջ, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ըսաւ որ Հայաստան-Արցախ Սփիւռք եռամիասնութեան մէջ է մեր յաջողութեան գրաւականը եւ մենք միայն միասնական աշխատանքով կրնանք յաղթահարել համայն հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Մեր հզօրութիւնը կը կայանայ մեր համախմբուածութեան եւ եւ միասնականութեան մէջ» ըսաւ ան։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեան իր կարգին վստահեցուց որ մեր յաջողութիւնները արդիւնքն են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան։ Ան վստահեցուց որ միացեալ ուժերով պիտի լուծենք մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացող խնդիրները։ Ան միաժամանակ շեշտեց Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հզօր նահանգին՝ Քալիֆորնիացի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։
Այնուհետեւ յաջորդաբար իրենց օրհնութեան խօսքը փոխանցեցին Գարեգին Բ- Ամենայն Հայոց Կոթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Հովել Միքայէլեան։
Հայ դատի աշխատանքները՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին՝ իրաւական դաշտ փոխադրելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, Արամ Ա. յայտարարեց թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը շուտով դատ պիտի բանայ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ պահանջելով իր պատմական կեդրոնին՝ Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Իսկ եթէ դատը մերժուի թրքական դատարանին կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը զայն անմիջապէս պիտի ներկայացնէ Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանին։
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, իր օրհնութեան խօսքին մէջ ըսաւ թէ «առաջնահերթութեանց առաջնահերթը էր ու կը մնայ մեր միասնականութիւնը, որ մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, առաջադրանքներն ու պայքարները զօրացնող ուժն է։ Այդ միասնականութեան շաղախը Հայկական Պետութիւնն է, մեր՝ բոլորիս, համայն հայութեան թիկունքը։ Իսկ խարիսխը՝ Հայաստանը։ Հայ Եկեղեցին այդ թիկունքին ու խարիսխին գլխաւոր յենարանն է, համահայկական միասնութեան շաղախը զօրացնող երկնառաք ուժը»։
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին հայկական աւանդական երեք կուսակցութեանց ղեկավարները եւ սփիւռքահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեան «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան արդի առաջնահերթութիւնները եւ ապագային միտուած խնդիրները» զեկուցումով բացումը կատարեց լիագումար Բ. նիստին։ Ան նշեց որ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի առջեւ 2012-ի Համաժողովին դրուած 5 առաջնահերթութիւնները այսօր եօթն են եւ համազգային այս առաջնահերթութիւններուն գլխաւորը հայոց պետութեան հզօրացումն է։ Ան յայտնեց այն համոզումը որ աշխարհի մէջ չի կրնար գտնուիլ հայ մը որ չի մտածէ Հայաստանի հզօրացման մասին, շեշտելով աշխարհի մէջ գործող շուրջ 30 հազար հայկական կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրին կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու կարեւորութըիւնը պայքարելու համար արտագաղթին եւ աղքատութեան դէմ՝ որոնց մասին կը խօսուի։ Երկրորդ առաջնահերթութեան անդրադառնալով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի միջազգային ճանաչման ի խնդիր աշխատողներուն եւ շեշտեց Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը։ Շարունակեով առաջնահերթութիւններու թուարկումը, տիկին Յակոբեան շեշտեց հայոց լեզուն պահպանելու ու տարածելու կարեւորութիւնը, եւ կոչ ըրաւ արտասահմանի երիտասարդներուն տիրապետելու մայրենիին որպէսզի իրենք զիրենք լիարժէք հայ զգան եւ ցանկութիւն ունենան այցելելու Հայաստան։ Խօսելով եօթը առաջնահերթութիւններէն Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդրի մասին, նախարարուհին նշեց որ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ աւելի խօսուած է քան անցնող 100 տարիներու ընթացքին։ Նշելով որ «Յիշում եմ եւ պահանջում» կարգախօսին ներքեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ գլխաւորուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովին եւ աւելի քան 50 տարածաշրջանային յանձնախումբերու հսկայածաւալ աշխատանքը նոր որակ հաղորդեց օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպաութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացին,տիկին Յակոբեան ըսաւ որ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել այն երկիրներուն որոնք ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը հրաւիրեն Թուրքիան առերեսուելու իր պատմութեան հետ եւ ընդունելու պատմական իրականութիւնը։ Այնուհետեւ, շեշտելէ ետք Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը, նախարարուհին իր խօսքը աւարտեց անդրադառնալով Սուրիոյ, Իրաքի եւ նաեւ Ուքրանիոյ հայերու դժուարին իրավիճակին եւ ըսաւ որ թէ՜ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքը ամէն ինչ պէտք է ընեն հայերը դուրս բերելու համար տառապալի վիճակէն որուն մէջ կը գտնուին։
Բ. լիագումար նիստին, Սփիւռքի նախարարուհիի ելոյթէն ետք, համաժողովի չորս հիմնական նիւթերու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան ՀՀ Գիտութիւննեու Ազգային Ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան (Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման մասին), ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար եւ սուրիահայերուն հետ տարուող աշխատանքները համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան (Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու մասին), Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ եւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Հայկական մամուլին դերը համաշխարհայնացուած աշխարհի մէջ)։
ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԵՒ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 7-րդ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Լիագումար երկրորդ նիստէն ետք, վերոնշեալ հիմնական նիւթերուն քննարկումները՝ ըստ ուղղութիւններուն տեղի ունեցան առանձին յանձնաժողովներու կողմէ, «Էլիտ Պլազա» կեդրոնի երեք ժողովասրահներուն մէջ՝ հայրենի եւ սփիւռքահայ նիստավարներու ղեկավարութեամբ։ Չորրորդ նիստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովը, հետեւեալ օրակարգով.-
ա) Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան գործընթացի լուսաբանումը մամուլին մէջ։
բ) Հայոց լեզուի իմացութեան եւ պահպանութեան հիմնախնդիրները։
գ) Քարոզչութիւն, հակաքարոզչութիւն, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրներ։
դ) Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման միտումները եւ հեռանկարները։
Սկզբունքով 160 զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ընդառաջած էին համաժողովին մասնակցելու հրաւէրին եւ չափազանց շատ էր ելոյթ ունենալ ցանկացողներուն թիւը։ Դժբախտաբար, սակայն, ժամանակի սահմանափակումին պատճառով գաղափարներու եւ առաջարկներու քննարկումներ տեղի չունեցան։
Կէսօրին, բոլոր մասնակիցները հրաւիրուեցան լսելու Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի զեկուցումը «Հայաստանը միջազգային ասպարէզում» նիւթին շուրջ, որուն յաջորդեց հարցազրոյց մը նախարարին հետ։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Նախ. Սերժ Սարգսեանի խօսքով բացումը կատարուեցաւ Համաժողովի լիագումար Գ. նիստին Ալ. Սպենդիարեանի անուան ակադեմական թատրոնին մէջ։
Ողջունելէ ետք աւելի քան 60 երկիրներէ եկած սփիւռքի 150 կազմակերպութիւններու շուրջ 700 ներկայացուցիչները, Սերժ Սարգսեան ըսաւ թէ Հայ ժողովուրդը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ անկախ Հայաստանով, անկախ Արցախով եւ զօրեղ Սփիւռքով։ «Այսօր չկան Հայրենիքը եւ Սփիւռքը իրարմէ բաժնող անցեալ դարաշրջանի անջրպետները։ Եւ ասիկա ինքնին ազգային համախմբուածութիւնը խրախուսող հանգամանք է։ Սակայն այդ համախմբուածութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Ան անհրաժեշտ միջոց է որպէսզի մենք յաղթահարենք ինքներս մեր մէջ բացայայտած վատը» ըսաւ ՀՀ նախագահը աւելցնելով որ Հայաստանը կառավարող բոլոր վարչակազմերու ամենալուրջ խնդիրներէն մէկը արտագաղթն է։ Ապա ան շեշտեց Հայաստանի հզօրացումը եւ յատկապէս տնտեսական զարգացումը գերխնդիր դարձնելու անհրաժեշտութիւնը։
Նշելէ ետք որ ամէն հայ այսօր հպարտ է որ մենք ունինք հայկական սահմանները պաշտպանող անպարտ ու մարտունակ բանակ, նախ. Սարգսեան ըսաւ որ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը պէտք է շարունակեն միասնաբար պայքարիլ ի խնդիր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ ԼՂՀ միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ դառնալուն։
Ապա անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, Սերժ Սարգսեան ըսաւ որ 2015 թուականը պէտք է դառնայ իր թաւալով ու նշանակութեամբ նախադէպը չունեցող միջոցառումներու եւ գործողութիւններու տարի։ «Մենք պէտք է փաստենք որ համատեղ ուժերով կրնանք հսկայածաւալ շարժում ստեղծել մեր ազգային նպատակներու իրականացման համար» յայտնեց ան, աւելցնելով որ 2015-ին կը նախատեսուի շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու այցելութիւն Հայաստան եւ որ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման թրքական իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը քայլ առ քայլ ինքզինք սպառելու եւ փակուղիի մէջ մտնելու վրայ է։ Նախ. Սարգսեան առաջարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը 2015-ին վերանուանել «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ», որ դառնայ համահայկական հրատապ խնդիրներու քննարկման ազգային մշտական հարթակներէն մէկը։
Նշելէ ետք որ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հետեւանքով մեր հայրենակիցներու կարեւոր մէկ մասը դարձեալ կը բռնէ գաղթի ճամբան, կը փոխուին հայկական սփիւռքի առկայ ձեւաչափերը, կը կազմալուծուին հին համայնքները, կը ձեւաւորուին նորերը, որոնք օգնութեան լուրջ կարիք ունին, նախ. Սարգսեան շեշտեց Հայաստան ապաստանած թէ Սուրիա մնացած սուրիահայերու հիմնախնդիրները լուծելու աշխատանքին կարեւորութիւնը։
Հայաստանի նախագահը հուսկ անդրադարձաւ Հայապահպանութեան հետ առնչուած խնդիրներուն եւ գերխնդիր նկատեց հայոց լեզուն պահպանելու եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու աշխատանքը։
Նախագահը իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առթիւ եւ եւ յարելով.- ՄԵՆՔ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՆՔ ՈՒԺԵՂ, ԻՍԿ ՈՒԺԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿ Է։
Գ. լիագումար նիստը աւարտեցաւ համաժողովի նիստերու արդիւնքներու ամփոփումով եւ համաժողովի եզրափակիչ Յայտարարութեան ընթերցումով, զոր կատարեց «ԽՕՍՆԱԿ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան։
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Համաժողովի բացման նախօրեակին, մասնակիցները՝ առաջնորդութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Յետ ծաղիկներու զետեղման, տեղի ունեցաւ հոգեհանգսեան արարողութիւն։ Իսկ համաժողովի աւարտին, մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուրի Զինուորական Պանթէոն, խոնարհելու համար ազգային Հերոսներու յիշատակին։
Համաժողովին մասնակիցները, առաջնորդութեամբ Սփիւռքի նախարարուհիին, այցելեցին նաեւ Ազգային Ժողով եւ պաշտպանութեան նախարարութիւն ուր տպաւորիչ հանդիպումներ ունեցան Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի, պատգամաւորներու, ապա պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին եւ սպայակոյտի բարձրաստիճան սպաներու հետ։
ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տօնական էր մթնոլորտը եւ ինչո՞ւ այդպէս պիտի չըլլար երբ համաժողովը կ'արտայայտէր հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան անխախտելիութիւնը, համահայկական հիմնախնդիրները միասնական աշխատանքով դիմագրաւելու հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին պատրաստակամութիւնը։ Ճշմարտութիւններ՝ որոնք արտաքին աշխարհին, մեզ հեռուէն ու մօտէն դիտողներուն ուղղուած ուղերձներ էին։
Ճիշդ է որ համաժողովը չունէր գործադիր մարմին, սակայն բոլոր մակարդակներու վրայ արտասանուած խօսքերուն ընդմէջէն կատարուած ուղենշումները յանձնառու կը դարձնէին պետութենէն սկսեալ մինչեւ ամենայետին մասնակիցը։
Եւ վերջապէս, մենք վկան եղանք նման համախմբում մը կազմակերպելու այն հսկայածաւալ աշխատանքին, որ վստահուած էր 6 ամեայ Սփիւռքի նախարարութեան, որուն ղեկավարին՝ տիկին Հրանուշ Յակոբեանին ներդրումը ակներեւ էր համաժողովի ամբողջ տեւողութեան։ Անոր շրջահայեցութեամբ, բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ մեղուաջան աշխատասիրութեամբ վարակուած էր նախարարութեան ողջ անձնակազմը, որուն՝ վստահ ենք, մեծագոյն վարձատրութիւնը հանդիսացաւ նման ձեռնարկի մը յաջողութեամբ պսակումին պարգեւած հոգեկան բաւարարութիւնը։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ