Վատիկան
Չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2012-ին, Սրբուհի Սապինա անուան պազիլիքայի մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը գլխաւորեց սուրբ Պատարագի եւ Մոխրոց օրհնութեան արարողութիւնը։
Այս Առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ, սրբազան քահանայապետը անդրադարձաւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան քառասնորդաց շրջանի նշանակութեան, յատկապէս կեդրոնանալով՝ «մոխրոց»ի ծիսական իմաստին վրայ, որ հրեայ հին աւանդութեան մաս կը կազմէր։ Քրիտոնէական աւանդութեան համար այս պահը յատկանշական է ըսաւ սրբազան հայրը եւ մատնանշեց Ծննդոց գիրքէն քաղուած եւ ծիսակատարութեան մէջ գործածուած հետեւեալ նախադասութեան իմաստը. «յիշէ ով մարդ որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս»։ Աստուած կ՚անիծէ օձը, որ խաբած էր Ադամը. կը պատժէ կինը, որ պիտի յղանայ ցաւով եւ կը պատժէ Ադամը, որ ճակտի քրտինքով պիտի ուտէ իր հացը եւ ապա Ադամի պատճառաւ կ՚անիծէ իր ոտքերուն տակ գտնուած հողը։ Աստուած Ադամը ստեղծեց մաքուր եւ բոլոր արարածները ստեղծուեցան անոր ծառայելու համար։ Ադամի վիճակուած էր ըլլալ տէր ու թագաւոր բոլոր արարածներուն։ Բայց մեղքը եկաւ եւ Ադամը յափշտակեց ու անոր տիրացաւ։
Երբ Աստուած Ադամին կ՚ըսէ. «յիշէ ով մարդ որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս» ան չ՚ուզեր պարզապէս պատժել մարդը, այլ կ՚ուզէ անոր յոյս ներշնչել, ճիշդ այդ հողի միջոցաւ որ մարմին կը ստանայ եւ կը դառնայ Բանն, որ մարմին եղաւ։ Փրկչագործութեան տեսակէտով է որ այս «յիշէ ով մարդ որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս» նախադասութիւնը կը գործածուի մոխրոց օրհնութեան արարողութեան մէջ։ Անիկա հրաւէր մըն է ապաշխարութեան, խոնարհութեան, մահացու իրավիճակի ինքնագիտակցութեան, որ չի մղեր յուսահատութեան, այլ՝ ընդունելու Աստուծոյ անիմանալի մօտիկութիւնը որ մահէն անդին, մեզի կը բանայ Յարութեան ճանապարհը` վերագտնուած երկնային դրախտը։
Աստուածային ներումի կարելիութիւնը հիմնականօրէն կախում ունի այն իրողութենէն, որ Աստուծ իր Որդւոյն միջոցաւ ուզեց մեր հետ բաժնեկցիլ մեր իրավիճակը բայց ոչ մեղքի ապականութիւնը։ Հայրը, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ անոր տուաւ Յարութիւնը մեռելներէն եւ Յիսուս` «Նոր Ադամը, դարձաւ կեանք պարգեւող Հոգի»։ Նոյն Սուրբ Հոգին, որ Յիսուսը յարոյց մեռելներէն կրնայ բարեփոխել մեր սրտերը, փոխել քարէ սրտերէ մսեղէն սրտերու։
Նոյն Աստուածը, որ վտարած էր մեր նախահայրերը դրախտէն, մեղքի մէջ ապրող մեր այս աշխարհը ղրկեց իր «միածին որդին», որպէսզի մենք՝ «անառակ որդիներ» կարենանք վերադառնալ մեր իսկական հայրենիքը, ապաշխարելէ ետք մաքրուած վիճակի մէջ։ Այսպէս թող ըլլայ մեզմէ ամէն մէկուն, բոլոր հաւատացեալներուն եւ ամէն մարդուն, որ խոնարհութեամբ փրկութեան կարիքը կը զգայ, եզրափակեց սրբազան քահանայապետը։