Մոնթրէալ
26 ապրիլ 2015-ին Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Զապարեան, ժողովրդապետ Մոնթրեալի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց, առընթերակայութեամբ գերապատիւ հայր Անտոն վրդ Շատարեւեանի, Մոնթրէալի «Սուրբ Յովսէփ» պազիլիքայի մէջ: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին աւելի քան երկու հազար հաւատացեալ հայեր եւ գանատացիներ: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց համայնքինս «Ալեմշահ» երգչախումբը, աւելի քան 40 անդամներով, ղեկավարութեամբ Համբարձում Անտոնեանի: Ուշագրաւ էր մուտքի թափօրը խորանի տասներկու սպասաւորներով եւ սարկաւագներով, որոնք շալկած էին եռագոյնը եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի պատկերը:
Գերյարգելի վարդապետը ֆրանսերէնով արտասանած իր ճառին մէջ ըսաւ. «Աստուած կը սիրէ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ նոյն ինքն է Ճշմարտութիւնը եւ մեզի կը պատուիրէ դատապարտել սուտը երբ կ'ըսէ՝ մի՛ ստեր: Աստուած արդարութիւն կը պատուիրէ երբ կ'ըսէ ուրիշին ունեցածին պիտի չտիրանաս: Աստուած կը պատուիրէ խաղաղութեան ի նպաստ աշխատիլ, երբ կ'ըսէ՝ մի՛ սպաններ: Մենք՝ այսօրուան հայերս, մեր աղօթքներով եւ մեր պահանջատիրութեամբ (...) կ'ուզենք որ սուտը վերանայ ցեղասպանութեան ճշմարտութեան ճանաչումով, որ մինչեւ այսօր մերժուած է (...) եւ արդարութիւն տիրէ: Այլապէս այլ ցեղասպանութիւններ պիտի չդադրին գործադրուելէ եւ անպատիժ մնալէ, աշխարհի բոլոր տարածքին, ի վնաս այդ մեծ արժէքներուն, որոնց կը հաւատայ մարդկութիւնը համայն»: