Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2009 - Քահանաներու տարին բոլորին համար աղօթքի տարի

Քահանաներն ալ յիշելու են, թէ իրենք ալ պէտք է աղօթեն

 

Յառաջիկայ Ուրբաթ կը սկսի «Քահանաներու տարի»ն:

Այս տարիով Սրբազան Քահանայապետը կ’ուզէ նոր հոգի մը դրոշմել Եկեղեցւոյ մէջ` հիմնուելով քահանաներուն սրբութեան վրայ, յատկապէս աղօթքի միջոցաւ:

Վատիկանի բանբերը 14 Յունիսի մէկ յայատարարութեան մէջ կը նշէ, թէ սրբազան քահանայապետը ամէն անգամ որ հանդիպի իրեն այցի եկած քահանաներուն, անոնց վարդարան մը կը նուիրէ եւ կ’ըսէ. «քահանաներն ալ յիշելու են, թէ պէտք է աղօթեն»:

Քահանայական տարին կը սկսի Սուրբ Յովհաննէս Մարի Վիաննէյի մահուան 150րդ տարելիցի օրը. Արսի սուրբ հովիւը հրաշալի տիպար մըն է քահանայական հոգեւորականութեան, մանաւանդ անոնց համար, որոնք հովուական մարզին մէջ կ’աշխատին:

Բանբերը կը յիշէ այս առթիւ, որ փորձութիւնը շատ զօրաւոր է աղօթքը վերածելու մակերեսային պահի մը, աճապարանքով կատարուած, տեղ տալով աւելի մարդկային մտահոգութիւններուն եւ հովուական գործունէութեան:

Ան կը յիշէ սուրբին հետեւեալ խօսքերը. «Կան ոմանք, որոնք կարծէք այսպէս կ’ըսեն Բարի Աստուծոյ. «Երկու խօսք ունիմ քեզի ըսելիք. այնպէս որ,  պիտի աճապարեմ եւ պիտի հեռանամ քեզմէ» »:

Աստուծոյ հետ միութեան հարցը կը հետաքրքրէ բոլոր քրիստոնեաները, որքան եւս քահանաները. մինչ քահանաները կը խնդրուին ամէն կողմէն,

այսօրուան պահանջներուն դիմաց անոնց շարքերը կը նոսրանան:

Անկասկած, քահանաներուն սրբութիւնը նախ եւ առաջ իրենց պատասխանատուութիւնն է, սակայն անիկա կը հայի նաեւ բոլոր հաւատացեալներու հասարակութեան:

Կը բաւէ քանի մը քահանայ, որպէսզի վիրաւորեն հաւաստիութիւնը, հաւատքը Եկեղեցւոյ: Սակայն, այլ առումով, քրիստոնեայ հասարակութեան մը զօրակցութիւնը քահանային` մեծ եւ ուժեղ ասպար է անոր հոգեւոր եւ առաքելական կեանքին համար:

Եզրակացնելով կարելի է ըսել, թէ «քահանաներու տարի»ն միայն քահանաներուն համար չէ, այլ համայն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ