Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015 - 2015-ի մարտ ամսուան քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները

 

 

Վատիկան

 

(Ռատիօ Վատիկան)  Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները, որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են «ընդհանրական եւ առաքելական» աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստացան «տիեզերական» եւ «աւետարանումի» խորագիրները:

2015-ի մարտ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է որպէս

«Տիեզերական» աղօթքի դիտաւորութիւն, 

«որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք յանձնառու են գիտական հետազօտութեան մարզէն ներս, իրենք զիրենք դնեն մարդ էակի բարիքին ծառայութեան ի սպաս»։

Իսկ որպէս «Աւետարանումի» դիտաւորութիւն,

«որպէսզի միշտ աւելիով ճանչցուի կիներու տուած սատարը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս»։


Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի հայկական կայքէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ