Հռոմ, Իտալիա
24 ապրիլի կէսօրին, Հռոմի քահանայապետական վարժարանի մուտքին զետեղուած խաչքարին շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեանի եւ անոր ընկերակցող շքախումբին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի ներկայութեամբ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ վրդ. Մխիթարեան. ներկայ էր նաեւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր հայր Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելիքեան։
Հայր Գառնիկ խօսք առնելով նշեց, որ ցեղասպանութիւնը մոռացութեան պէտք չէ մատնել։ «Թուրքն ու ամբողջ աշխարհը չարաչար կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ձգձգելով պիտի կարենան մոռացութեան մատնել զայն»։ Ան ըսաւ, որ սփիւռք եւ Հայաստան միասնաբար պիտի շարունակեն պայքարիլ Հայ դատի օգտին։ Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ Մեծ եղեռնը մեզի յարութեան դասեր կու տայ, եւ փաստօրէն մենք այսօր կանք եւ կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհերուն անմառ յիշատակին առջեւ։
Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ ձեռնարկը վերջ գտաւ պահպանիչով։