Պէյրութ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ միջեկեղեցական արարողութեան, որուն ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ ու հոծ բազմութիւն մը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացաւ գերապատիւ տէր Աւետիք վարդապետ Յովհաննէսեան: