Սիրելի՛ ընթերցող, «Հռոմ-Վատիկան, 2 ապրիլ 2005-ի իր վախճանումով հայերս ունեցանք նոր պաշտպան մը երկինքին մէջ` հայասիրութեան մարմնացումն ու ներշնչարանը` Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը, զոր այսօր կը յորջորջեմ «Մեծ» եւ մօտ ապագային պիտի կարենանք անուանել զայն «Սուրբ»: Հայասէ՛ր սուրբը: Յարգա՛նք անոր անթառամ յիշատակին ու խնկելի անունին»:
Մայիսի` Աստուածամօր նուիրուած ամիսին սկիզբը քեզ կ՛ողջունեմ վերի պարբերութեամբ, որով աւարտեցի «Այնճար, 22 ապրիլ 2005»-ին տուած «Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Մեծին հայասիրութիւնը» բանախօսութիւնս:
Ճիշդ ինն տարի ետք, 27 ապրիլ 2014-ին սրբադասուած Մեծն Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին (1978-2005) հայասիրութեան մասին քանի մը տուեալներ հայթայթելու խնդրանքին կ՛ընդառաջեմ ամենայն սիրով, երախտագիտութեամբ ու շնորհակալութեամբ` նկատմամբ նորահռչակ սուրբին:
Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետը (1920-2005) տուաւ ամէն ինչ եւ ամէն մէկուն: Այս «ամէն ինչ եւ ամէն մէկ» համայնականութեան մէջ ներառուած են հայերը, որոնց հանդէպ սրբազան պապը մշտապէս ունեցաւ մեծ սէր, գորով, խանդաղատանք եւ դրուատիք:
Արդ, անյապաղ կ’ուրուագծեմ սրբազան պապին հայասիրութեան պատմութիւնը` տալով միայն քանի մը թուականներ ու դէպքեր, որոնք խօսուն են, կը շոյեն մեր պատկանելիութիւնը եւ կ’առթեն արդար հպարտանքը: Անյուշ կը ձգեմ եկեղեցական եւ աշխարհական հանդիպումները բարձրագոյն մակարդակին վրայ: Նոյնպէս յոբելեաններուն առիթով` սուրբ պատարագներն ու այցելութիւնները:
- 6 հոկտեմբեր 1991-ին վերահաստատեց Հայաստանի հայ կաթողիկէ թեմին արքեպիսկոպոսական առաջնորդութիւնը:
7 հոկտեմբեր 1991-ին, Սուրբ Վարդարանի տօնին օրը, օրհնութիւնն ու բացումը կատարուեցաւ Աշոցքի մէջ «Նարեկի Տիրամայր» հիւանդանոցին, որ Հայաստանի ամէնէն արդիական բուժարանն եղաւ եւ կառուցուած էր սրբազան պապին նուիրատուութեամբ ու դրամական օգնութեամբ` կաթողիկէ «Քարիթաս»-ի եւ այլ միջազգային բարեգործական հաստատութիւններու, որոնք գործադրել ուզեցին քահանայապետին կոչը` անմիջապէս օժանդակելու մեր երկրաշարժահար հայրենիքին:
- 25 մարտ 1999-ին բացումը կատարեց «Հռոմ-Հայաստան» միջազգային ցուցահանդէսին` Հայաստանի նախագահին, Ամենայն Հայոց վեհափառին, հոգեւոր տիրոջ եւ բազմաթիւ եկեղեցական, քաղաքական, դիւանագիտական ու մշակութային անձնաւորութիւններու ներկայութեան:
- Համարեա առիթ չէ փախցուցած խօսելու 1915-ի Մեծ եղեռնի մասին, իսկ 10 նոյեմբեր 2000-ին` պապին կատարած ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան զօրաւոր խլրտում յառաջացուց միջազգային մակարդակով:
- 2 փետրուար 2001-ին Վատիկան լոյս ընծայեց սրբազան պապին «Առաքելական նամակը հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձին տասնեօթներորդ դարադարձին առիթով», որ տպուելով Սուրբ Աթոռին բազմալեզու պաշտօնաթերթին մէջ` սեփականութիւնը դարձաւ բոլոր քրիստոնեայ ազգերուն:
- Հայերուս քրիստոնէութեան դարձին 1700-ամեայ յոբելեանին առիթով քահանայապետին այցելութիւնը մեր երկրին` 25-27 սեպտեմբեր 2001-ին, որ պատմական եղելութիւնն եղաւ եւ մեծագոյն ապացոյցը` իր հայրական սիրոյն ու համարումին:
- Աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Հայաստանի վրայ, յատկապէս` միջազգային լրատու գործակալութիւններուն, որոնց գովազդի ու յարակոչի կատարած աշխատանքին համար միլիոններ տալու էինք:
7 հոկտեմբեր 2001 թուականն ալ անջնջելի պիտի մնայ ապրիլ 24-ի տարեգրութեան մէջ, քանի այս օրը Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Իգնատիոս արք. Մալոյեան ապրիլեան նահատակը «Երանելի» հռչակելով` վաւերացուցած եղաւ Սուրբ Աթոռին ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան:
- 19 յունուար 2005-ին, հայածէս Սուրբ պատարագէն ետք, հիւանդ պապին կողմէ կատարուած օրհնութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին հոյակերտ արձանին, որուն համար հրաման տուած էր, որպէսզի զետեղուի Սուրբ Պետրոսի տաճարին արտաքին պատին վրայ: Հոն միլիոնաւոր մարդեր պիտի տեսնեն եւ կարդան ամէն տարի գովազդ- ծանօթացումը հայ ժողովուրդին մասին:
Անշուշտ, որ տակաւին կան իրագործումներ, թուականներ ու դէպքեր, բայց հոս յիշուածներուն դիմաց` արդէն իսկ կարելի է կրկնել Ֆրանսայի նախկին նախագահին` Վալերի Ժիսքար տ՛Էսթէնի հանրածանօթ դարձած այս վկայութիւնը նորոգ հանգուցեալ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետին մասին, որուն դագաղին առջեւ Միացեալ Նահանգներու այն օրերուն հրաժարեալ ու պաշտօնավարած երեք նախագահները ծնրադրեցին. «Սուրբ մը աւելի պիտի չկարենար իրագործել: Պապը գործի մարդն էր` դարձած սուրբ մը»:
Արդ, կրկնե՛նք աղօթական բաբախիւնները, որոնցմով կը տրոփէր օգոստափառ աղօթողին սիրտը հայերուս հանդէպ. «Ո՜վ Սուրբ Աստուածածին, օրհնէ՛ հայ ժողովուրդը: Դարձո՛ւր Քու հայեացքդ դէպի երկիրն հայոց, նայէ՛ իր լեռներուն, որոնց վրայ ճգնեցան անթիւ բազմութիւններ սրբակեաց ու գիտնական վանականներու:
«Նայէ՛ իր տաճարներուն եւ ժայռերուն, որոնք ապառաժներէն ծնած են` Երրորդութեան ճառագայթէն թափանցիկ: Նայէ՛ իր խաչքարերուն, որոնք յուշարձաններն են Քու Որդիիդ, որուն չարչարանքը կը շարունակուի մարտիրոսներով: Նայէ՛ իր մանչ եւ աղջիկ զաւակներուն, որոնց սրտին մէջ կը հնչեն երեքսրբեան երգին հետ` Քու գովեստներդ, որ իրենց Մայրն ես գողտրիկ:
«Այնպէս ըրէ, որ ո՛ւր ալ երթան, մտիկ ընեն իրենց հայու սրտի կանչին, որուն խորքէն միշտ աղօթք մը պիտի ժայթքի` իրենց Տիրոջ ուղղուած, եւ սրտառուչ աղերսանք մը Քեզի, որ զիրենք կը պաշտպանես Քու մայրական հովանիիդ ներքեւ:
«Ո՜վ քաղցրագութ Կոյս, ո՜վ Մայր Քրիստոսի եւ Մայր մեր, Մարիամ»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 4 մայիս 2014