Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2014 - Մեսրոպեանական աշակերտները ուխտեցին շարունակել վարդաններու ուղին

Պուրճ Համմուտ

Վարդանանց տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 24 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Մեսրոպեան Վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջնակարգ բաժանմունքի Վարդանանց տօնակատարութիւն: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պէթի Սուլեան, ապա 9-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Վարդանանց»ը:

Օրուան պատգամախօսն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Հայր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ նշեց, թէ պարսիկները ուզեցին, որ հայերը չխօսին հայերէն ու դառնան հեթանոս, ազատօրէն չապրին, բայց հայերը առանց զիջումի ու գլխաբաց միայն խոնարհելով Աստուծոյ դիմաց դէմ յանդիման կանգնեցան թշնամիին: Հայր Տօնոյեան հաստատեց, որ հայերը պատերազմը յաղթեցին թէ՛ ուժով եւ թէ բարոյականութեամբ, որովհետեւ այսօր չկան Սասանեան, Բիւզանդական ու Հռոմէական կայսրութիւնները, բայց կայ ազատ, անկախ ու քրիստոնեայ Հայաստանը: Հոգեւոր հայրը եզրակացուց, որ վարդանները կռուեցան,, որպէսզի մենք հայ մնանք, հայու նկարագիրով ապրինք, քաջ ըլլանք, ունենանք ամուր հաւատք ու պաշտպանենք մայրենին:

Ապա 8-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին «Վարդանատօն»ը, որմէ ետք 7-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Ուխտ Վարդանանց» եւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» երգերը:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները պէտք է շարունակեն վարդաններու ուղին, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն:

Իսկ Չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նախակրթարանի Վարդանանց տօնակատարութիւնը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ճիօ Գալուստ: Օրուան պատգամախօսն էր Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, որ յայտնեց, թէ Վարդանանք նահատակուեցան կրօնքին եւ ազգին համար: Հայր Եղիայեան ըսաւ, որ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Հայր Ղեւոնդ Երէցի տիպարները պէտք է դրոշմուին աշակերտներուն սիրտերուն մէջ: Հանդիսութեան ընթացքին, նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները ամէն օր եւ ամէն վայրկեան պէտք է ապրին Վարդանանց ճակատամարտի խորհուրդով` եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայելու մօտեցումներով: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարդանանց նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ