Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2010 - Հոգեւոր Տէրը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն կը ստանայ


Հռոմ, Իտալիա

 
Հինգշաբթի
22 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար՝ Պր. Ալիք Սարգսեան եւ անոր շքախումբը, ընկերակցութեամբ՝ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանին` Պր. Ռուբէն Կարապետեանի: 

Պրն. Ալիք Սարգսեան եւ անոր շքախումբը`  նախ այցելեցին Ս. Նիկողայոս Թոլենդինացի եկեղեցին, ապա ուղղուեցան դէպի վարժարանին դահլիճը, ուր՝ հիւրընկալուեցան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի կողմէ: Սոյն պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պր. Ալիք Սարգսեան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն եւ քաղաքացիական անձնագիր:  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, Ս. Գիրքին վրայ երթում կատարեց պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ուխտեց նաեւ յարգել պետական լեզուն, ազգային մշակոյթը եւ սովորութիւնները: Այս առթիւ, Պր. Նախարարը Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց նաեւ երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն պատկերազարդ գիրք-ալբոմ մը՝  «Հայաստան» անունով: Ան նուիրեց նաեւ Հայաստանի տեսարժան վայրերը պատկերացնող նկար մը ,

«
Սա է Հայաստան» պատրաստուած DVD մը, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան 10-րդ ամեակի առիթով պատրաստուած գինի, ինչպէս նաեւ շքանաշան մը, որուն վրայ քանդակուած են հայաստանի Առաքելական երեք գլխաւոր եկեղեցիները՝ Էջմիածին, Հրիփսիմէ եւ Շողակաթ: Հոգեւոր Տէրը իր երախտագիտական զգացումները արտայայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, յանձին Պր. Ալիք Սարգսեանի, եւ հրաւէր ուղղեց Պր. նախարարին այցելելու Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան հնաշէն Վանքը, անոր թանգարանը, մատենադարանը եւ ձեռագրատունը: Ապա Պր. Նախարարին յանձնեց Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակի շքանշանը:

Արարողութենէն ետք, բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Վարժարանին սեղանատունը, ուր իրենց ի պատիւ ընթրիք մը սարքուած էր:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ