Պէյրութ
Ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց «Իմ Հայ» իրաւական հայ արաբ միջազգային յանձնաժողովի ատենապետ Հուսամալտին Ալհապաշ: Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ այս նորակազմ յանձնաժողովին ծրագիր կանոնագիրը եւ վերջին նուաճումները, մանաւանդ Եգիպտոսի մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Ռոտնի Տաքէսեան՝ նորանշանակ դատախազ Լիբանանի արդարութեան նախարարութեան մէջ, տիկին Սիլվա Քանքրունի, պրն. Մուհամմատ Ժալպութ եւ տիկին Ալհապաշ: