Շաբաթ, 11 Մայիս 2013 - Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի մեծաշուք եւ արժանավայել տօնակատարութիւն

Պուրճ Համուտ

Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, երէկ` Ուրբաթ, 10 Մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուց պրն. Վարդան Ադամեանի, հոգեւոր հայերու եւ քոյրերու, կրթական պատասխանատուներու, Արցախեան ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի ընտանիքի անդամներուն, ծնողներու եւ նախկին ու նոր մեսրոպեանականներու:

ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբի աշակերտները երգեցին Արցախին քայլերգը: Հանդիսութեան Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ Շուշիի աշխարհգարական եւ ռազմական դիրքին կարեւորութիւնը Շուշիի ձեռքբերումը վերածեց յաղթանակներու յաղթանակին, Արցախի միջնաբերդի ամրապնդման:

Չարըգեան ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրումէն 21 տարիներ ետք, այսօր գոյութիւն ունի Շուշին պահելու խնդիր, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի, մեծ թէ փոքր, ունի իր պարտանակութիւնը` զօրակցելու Արցախին, մասնակից դառնալու վերականգման աշխատանքներուն եւ ի հարկին դառնալու սահմաններու պահակը:
Ապա Մարիլին Գասարճեան ասմունքեց «Արցախի լեռներ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Նարօտ Ադամեան ջութակով եւ Անի Գասպարեան դաշնամուրով նուագեցին երկու ստեղծագործութիւններ:

Շուշիի պանծալի յաղթանակին հերոսներու զոհաբերութիւնը արժեւորող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ղարաբաղ իմ» եւ «Հայոց Երկիր» եւ «Յառաջ Հայաստան» երգերը: Խումբի գեղարուեստական պատասխանատուն է տիկին Գարմէն Աճէմեանը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Լեւոն Աւետանեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, Շուշի մարմնաւորած է հայու ինքնուրոյնութիւնը եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային բնազդը: Ան ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրման ազդեցութիւնը ակնյայտ էր պատերազմական հետագայ գործողութիւններուն վրայ եւ Շուշիին յաջորդեց Լաչինի միջանցքի բացման բարեյաջող գործողութիւնը, որ ճեղքեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման օղակը:

Դոկտ.Աւետանեան հաստատեց, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք Շուշին վերականգնելու եւ վերաբնակեցնելու մարտահրաւէրին դիմաց, որ պարտաւորութիւն է եւ հրամայական: Իր խօսքի աւարտին, բանախօսը շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրական պայքարի 57 նահատակները հետեւեցան գաղափարական պատուիրաններուն, եւ մենք, ապրողներս պէտք է ապրինք ու գործենք նոյն պատուիրաններով:

Բանախօսութեան յաջորդեց վարժարանի նուագախումբին կատարումը, որ նուագեց «Արդեօք ովքեր են» եւ «Ղարաբաղ»ը: Նուագէն ետք Լիզա Հայրապետեան ասմունքեց «Ձօն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ վարժարանի երգչախումբի արցախեան երգաշարի ներկայացումով, խմբավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա «Շուշի» պարախումբը պարեց «Տրնթէզ»ը, որ ստեղծեց մեծ խանդավարութիւն: Պարախումբի պարուսոյցն է տիկին Սարին Արթինեան:

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ հաստատեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը իր առաքելութեամբ կը հետեւի Վիգէն Զաքարեաններու ուղիին, տէր կանգնելով հայրենի հողին, արժէքներուն եւ ժառանգութեան: Պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, որ Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, եւ Շուշիին յաղթանակը վերանորոգեց հայութեան պայքարելու կամքն ու ոգին:
Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի մեծաշուք, ոգեւորիչ եւ արժանավայել հանդիսութիւնը փակուեցաւ գերապայծառ Մանուէլ եպս.Պաթաքեանի «Պահպանիչ» եւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ