Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2013 - Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու 47-րդ հերթական նստաշրջանը
Պքերքէ

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդի 47-րդ հերթական նստաշրջանը, որ ընթացք առած էր երկուշաբթի 11 նոյեմբերին, վերջ գտաւ այսօր՝ շաբաթ, 16 նոյեմբերին, Պքերքէի մէջ։ Ժողովին մասնակցող պատրիարքներու շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Նստաշրջանի փակման հաղորդագրութեան մէջ, պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն Թրիփոլիի անապահով պայմաններուն համար, անգամ մը եւս  կը պահանջեն Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներու ու երեք քահանաներու եւ այլ արգելափակեալներու ազատ արձակումը  եւ կը վերահաստատեն իրենց կոչը ի խնդիր  Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման:
Անոնք նաեւ կը շեշտեն  սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներու օժանդակութեան ճիգերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, գնահատելով այս գծով Քարիդասի մարդասիրական աշխատանքը:

Հոգեւոր հայրերը կ'ընդգծեն քրիստոնեաներու իւրայատուկ առաքելութիւնը Արեւելքին մէջ եւ անոնց դրական ներդրումը տարածաշրջանի հարցերու լուծման համար: 
Վերջապէս, հաղորդագրութիւնը կ'անդրադառնայ յառաջիկայ  օրերուն Հռոմի մէջ կայանալիք Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու հանդիպման Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, ընդգծելով ասոր կարեւորութիւնը   Եկեղեցւոյ  գործունէութեան յառաջընթացին համար:
  

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ