Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Սիրոյ Եւ Երջանկացումի Աղօթքով Կռանուի՛նք…


Սիրելի՛ ընթերցող, այս սիւնակը գրելու համար ունիմ հինգ պատճառներ, որոնք ասկէ կամ անկէ կրնան բնորոշուիլ «հինգ պատրուակներ»: Հոգ չէ: Դուն մի՛ նեղուիր: Ես չեմ նեղուիր արդէն հերուէն: («Հերու» կը նշանակէ «անցեալ տարի»):
Առաջին` հոկտեմբեր նուիրագործուած ամիսն է սուրբ վարդարանին, զոր մեր նախահայրերն ու նախամայրերը սկսած են աղօթել արդէն 1539-էն ի վեր:
Երկրորդ` սուրբ վարդարանին տօնն է այսօր, զոր կը կատարենք 1716-էն սկսեալ հայրենի մեր պատմական հողերուն վրայ:
Երրորդ` անուանակոչութեան տօնն է այսօր մեր գեղափայլ եկեղեցիին, որուն «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» յորջորջումը կու գայ 1939-1940 սկզբնաշրջանէն, Այնճար:
Չորրորդ` կը սիրեմ ազգակիցներս` ցայսօր քառասուն տարիներ անոնց ծառայելով, անոնց արտաքին ու ներքին երջանկութեան համար առաքելագործելով:
Հինգերորդ` Շահանդուխտի անցեալ շաբաթ տրուպիս մակագրած նորատիպէն ընթերցումս է «Լրագրական ասպարէզը պարկեշտութիւն կը պահանջէ» գլխակարգութեան:
Կը սկսիմ վերջին պատճառէն, որ ոչ միայն անակնկալեց զիս, այլ նաեւ շատ ուրախացուց, քանի ինծի խոր յուզումով մտաբերել տուաւ նոյն վարդարանեան սովորութիւնը, զոր ունէինք Վիեննայի Մխիթարեան կղերանոցին ժառանգաւորներս մեր ամարանոցին մէջ (Մաուէր): Առաւել, գրագիտուհի աշխարհականէ մը շատ կարեւոր վկայութիւն է կարդացածս, զոր ամբողջութեամբ կը մէջբերեմ:
Հ. Աւետիք վրդ. Թալաթինեան` Ռաուտայի Վենետիկեան Մխիթարեան վանքին մեծաւորը, «երեկոյեան Վարդարանի աղօթք կը կատարէր, աշակերտական փոքր թափօր մը կը կազմէր. կը շրջէին վանատան պարտէզներուն շուրջը: Զիս ալ կը հրաւիրէին այս կարճատեւ աղօթապահին: «Ողջոյն քեզ, Մարիամ» աղօթքը պիտի կրկնէինք 53 անգամ` ըստ Վարդարանի կլորիկ հատիկներուն: Նոյնպէս վեց անգամ` «Հայր Մեր»-ը:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալով` չէի գիտեր այս աղօթքին ձեւը, բայց սորվեցայ: Քաղաքավարութիւնը կը պահանջէր, որ իբրեւ վանատան հիւր` ընդունէի տեղւոյն կարգապահութիւնը, աղօթքի պահերը:
Արդէն հաւատացեալ մըն էի: Աւարտած էի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը (Նոր Մարաշ): Պարման տարիքիս գոց սորված էի Ներսէս Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ»-ին 36 տուները, «Հաւատով խոստովանիմ»-ի 24 տուները: Լաւ գիտէի շարականներ երգել, Սուրբ պատարագի ընթացքը իր աղօթքներով: Հիմա կ՛ընտելանամ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աղօթքներուն: Վերջին հաշուով, աղօթասացներու մաքուր մթնոլորտ մը կը տիրէր: Ես Աստուածամօր կը հաւատայի…» (Շահանդուխտ, Ճակատագրի ճանապարհին մոռցուածները, Պէյրութ, 2013, էջ 108 եւ 109):
Անցեալին եւ ներկային մէջ բազմաթիւ են Աստուածամօր հաւատացող, Աստուածածինը սիրող, Տիրամայրը յարգող աշխարհական հայ գրագէտներ ու բանաստեղծներ. անոնցմէ շատեր աղօթած են եւ կ՛աղօթեն սուրբ վարդարանը, որուն առկայութիւնը մեր գրականութեան մէջ նիւթ ըրած եմ մէկ պատմաբանասիրական
ուսումնասիրութեանս մէջ:
Ի դէպ, իմացնեմ, թէ 1994-ին լոյս ընծայած «Տիրամօր հայ բանաստեղծները» գրքիս (208 էջ) մէջ կը ներկայացնեմ 90 քերթողներ` իրենց 100-է աւելի մարեմեան բանաստեղծութիւններով. անոնցմէ 56 աշխարհականներ են, որոնք, «իւրաքանչիւրը իր յատուկ գոյնով, թոյրով, շքեղանքով», կը կատարեն Մարիամ Սիրամօր ներբողանքն ու  առանձնաշնորհումներուն գովերգութիւնը: Դեռ ունիմ այսպիսի չորս անտիպ հատորներ, որոնք կը սպասեն իրենց բարերար մեկենասներուն:
Մարեմասէր հայ աշխարհական բանաստեղծներու մարեմագով արտադրանքին իրողական եւ անհերքելի ապացոյցը տալու եկաւ նաեւ 1997-ին հրատարակած «Աստուածամայրը հայ բանաստեղծութեան մէջ» առաջին հատորին վերլուծական աշխատասիրութիւնս (350 էջ), որուն մէջ 14 քերթողներու բոլոր մարեմապատկան կտորներն ու տեղիքները կը ներկայացնեմ մանրամասն մեկնաբանութեամբ:
Այս անձնաւորական ու թուային տուեալները, եւ դեռ անոնց հետ` թէ՛ հանրութեան ու թէ՛ մտաւորականութեան ուրիշ բազմահարիւր անծանօթներ, կը հիմնաւորեն ոչ միայն մեր մարեմականութիւնը, այլ նաեւ` մեր վարդարանասիրութիւնը:
«Սէրը սուրբ վարդարանին` կտակը մեր հայրերուն», կը սահմանէ միջազգային համբաւով մեծագոյն հայ հոգեւորականը քսաներորդ դարուն` յորդորելով մեզ. «Մերինը կ՛ընենք նահատակ մեր… հայրապետներուն կտակը»:
Ստուգիւ, վարդարանը հայ սուրբերու, մարտիրոսներու, խոստովանողներու եւ սրբակեացներու աղօթքն է, որոնց ազգասէր ու հայրենանուէր ամենածանօթին` ամէն օր վարդարանն ըսող Սեբաստացի Մխիթար աբբահօր սրտէն ու դաստակէն ելած երկու խօսքերը կը հրամցնեմ քեզի եւ մեր ազգակիցներուն:
«Մայր գըթութեանց, յա՛յց ել շնորհիւ
Այնց, որք յարգեն զՔեզ Ողջունիւ.
Զի ըզներումն առցեն ստուգիւ,
Մինչ ըզՊսակդ հիւսեն վարդիւ»:
«Մայրն Աստուծոյ է միշտ պաշտպան այնմիկ տոհմի,
Որ աղօթել առ Նա կրթէ զիւր ընտանի»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 7 հոկտեմբեր 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ