Պուրճ Համուտ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին, կիրակի, 15 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Սուրբ Մեսրոպի Արիներու 75-ամեակի փառատօնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի, hոգեւոր հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:
75-ամեակի յայտագիրը սկսաւ Մեսրոպեան վարժարանի «Ծիածան» երգչախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներով: Ապա Նախկին Սաներու միութեան անունով խօսք առաւ միութեան ատենապետ պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան: Ան ըսաւ. «Մեսրոպեանի գործունեայ ու հեռատես տնօրէններու եւ վեհանձն ու նուիրեալ դաստիարակներու ոգեկան անմոռանալի ուժը, որ թափանցած է մեր մտքերուն մէջ, չի կրնար մարիլ, այլ` լուսաւորիչի կանթեղին նման վար կը մնայ ու պիտի մնայ: Մենք, իբրեւ նախկին սաներ, պարտաւոր ենք վերադարձնելու ա՛յն ինչ որ ստացանք մեր վարժարանէն, պէտք է զօրակցինք, հպարտանանք ու երախտապարտ զգանք»:
Ռաֆայէլ Ումուտեանի խօսքէն ետք, հերթաբար ելոյթ ունեցան «Հաւասի» աշուղական համոյթը, Տհոլի եւ տուտուկի խումբերը, «Շուշի» պարախումբի փոքրերու խումբը, ասմունքի խումբն ու «Ծիծեռնակ» մեծերու երգչախումբը:
Գեղարուեստական յայտագիրի ա. բաժինէն ետք, ներկաները լսեցին Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին շնորհաւորական ուղերձը: Տիկին Յակոբեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը 75 տարի շարունակ կրթեց ու դաստիարակեց երիտասարդներ, մայրենին փոխանցեց սերունդէ սերունդ, պահպանեց հայ ժողովուրդի աւանդոյթները, սովորոյթներն ու մշակոյթը: Սփիւռքի նախարարը հաստատեց, որ վարժարանը ամբողջական իմաստով ծառայեց մարդակերտման ու հայակերտման առաքելութեան:
Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան 75-ամեակին առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքին` տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, բարերարներուն եւ ծնողներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին հայու լինելութեան ու գոյութեան մեծագոյն միջնաբերդին` հայ դպրոցին:
Նախարարի խօսքէն ետք գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Շուշի» պարախումբի մեծերու խումբի ու ասմունքի խումբի ներկայացումներով:
Սուրբ Մեսրոպի արիներուն անունով խօսք առաւ խումբի ընդհանուր խմբապետ Աւօ Գարաքէշիշեան: Ան նշեց, որ 75-ամեայ մեծ ընտանիքին գլխաւոր նպատակն է կերտել սկաուտական դաստիրակութեամբ առաջնորդուող քրիստոնեայ ու հայ երիտասարդը, անոր փոխանցել անկեղծութեան, պարկեշտութեան եւ անձնուիրումի գաղափարները, սկաուտական ոգին, կարգ ու կանոնը, եղբայրասիրութեան մօտեցումը եւ ամենակարեւորը` բարի գործի վարժութիւնը` ծառայասիրութիւնը:
Ուղերձին յաջորդեց Սուրբ Մեսրոպի արիներու կողմէ սկաուտական ներկայացում մը` ջահերթ եւ երգեցողութիւն: Ապա ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի քոնկ ֆու-ի խումբը, «Շուշի» պարախումբի «Տանս տը սալոն»ի խումբը, ինչպէս նաեւ «Ծիծեռնակ» մեծերու եւ փոքրերու երգչախումբը:
Երգչախումբին կողմէ «Երեւան-Էրեբունի» երգի կատարումէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Շուշի» պարախումբի շրջանաւարտներու խումբին կատարողութեամբ «Վարդավառ» երգի պարային ներկայացումով: 261 աշակերտներ մօտաւորապէս 2 ժամուան ընթացքին, իրենց պարերով, ժողովրդային գործիքներով, ասմունքով ու երգերով ստեղծեցին տօնական խանդավառ, հաճելի ու որակաւոր մթնոլորտ:
Մեսրոպեան վարժարանի եւ Սուրբ Մեսրոպի արիներու 75-ամեակի փառատօնի աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «Մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք հիմնադիրներու եւ գործը շարունակողներու կտակին եւ շարունակենք գործը: Մեսրոպեան վարժարանը պահպանելով ու զարգացնելով մենք նպաստած կ'ըլլանք Պուրճ Համուտին եւ շրջանին ընդմէջէն լիբանանահայութեան ու ինչու ոչ նաեւ Սփիւռքին: Նայեցէք ձեր շուրջը, կը տեսնէք, որ մեր շրջանաւարտները բարձրագոյն դիրքերուն վրայ կը գտնուին հո՛ս թէ այլ գաղութներու մէջ»:
Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանին եւ բոլոր անոնց, որոնք թիկունք են վարժարանին եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վարժարանի զարգացման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն:
Իր խօսքը եզրափակելով Մեսրոպեանի տնօրէնը վստահեցուց, որ գալիք սերունդներն ալ պիտի ունենան հպարտանքի միեւնոյն զգացումը` մեսրոպեանական կոչումը կրելու արժանիքը, որ անփոխարինելի հարստութիւն է ու իւրայատկտութիւն: Փառատօնը փակուեցաւ 75-ամեակի կարկանդակի հատումով եւ հրավառութեամբ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ