Sermons Sermons
Հինգշաբթի, 13 Ապրիլ 2006 - Աւագ Հինգշաբթի- Ս. Խաչ Եկեղեցի- 13.4.06

Յոյժ Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս օրերուն ընթացքին, Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ ապրելու տարուան ամենամեծ խորհուրդները:
Այսօրուայ խորհուրդին առաջին բաժինը Ոտնլուայի նշանակալից արարողութիւնն  է, որ մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի անսահման սէրն ու խոնարհութիւնը, երբ ծառայի դերը կատարեց եւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Ահ՛ա մեծագոյն նշանները զոր Յիսուս մեզի թողուց՝ Սէր եւ Խոնարհութիւն: Անոնք այնքան կարեւոր են որ մեզի պատուիրեց զանոնք գործադրել իրեն հետեւելով՝ «օրինակ մը տուի ձեզի, ըսաւ, որպէսզի ինչպէս որ ես ըրի ձեզի, դուք ալ այնպէս ընէք» (Յովհ. Ժ. 15): Խոնարհութիւնը հիմն է քրիստոնեայ կեանքին, իսկ սէրը անոր գագաթնակէտն է:
Առանց խոնարհութեան առաքինութեան՝ կեղծաւոր կը դառնանք՝ մենք մեզի հանդէպ ու մարդոց հանդէպ, եւ կարող չենք այլեւս Յիսուսին բարեկամ ըլլալու, որ ըսաւ՝ «սորվեցէք ինծմէ որ հեզ եմ եւ խոնարհ սրտով»: Եթէ կ’ուզես Յիսուսին աշակերտ ըլլալ, եւ ստոյգ կ’ուզես ըլլալ, պարտիս Յիսուսին նմանիլ: Հպարտ անձը սատանայի աշակերտ է եւ ոչ թէ Յիսուսի: Սատանայ բարի հրեշտակ մըն էր, բայց հպարտութեան պատճառով դարձաւ չար հոգի ու կը ջանայ մարդիկը իր ետեւէն քաշել, եւ դժբախտաբար շատեր կը խաբուին իրմէ ու հպարտութեան մեղքին մէջ կ’իյնան:
Սուրբի մը մասին կ’ըսուի թէ երբ խօսէր՝ կամ Աստուծոյ հետ կը խօսէր, այսինքն կ’աղօթէր եւ կամ Աստուծոյ մասին կը խօսէր, այսինքն Աստուծոյ գործերը կը պատմէր: Կան մարդիկ որ երբ խօսին՝ կամ իրենց ըրածները կը պատմեն, որպէսզի իրենց քաջագործութիւնները ճանչցուին ու պատիւ ստանան, եւ կամ ուրիշներուն մասին կը խօսին, անոնց սխալները յայտնելու համար, այսինքն փամփասանք կ’ընեն եւ չարախօսութիւն: Ասոնք սատանայէն խաբուած են:
Մինչ հպարտութիւնը մարդիկ կը բաժնէ եւ իրարմէ կը հեռացնէ, խոնարհութիւնը եւ սէրը գժտուած մարդիկ իրարու կը հաշտեցնէ:
Հպարտութիւնը ամբարտաւանութեան կը տանի, իսկ խոնարհութիւնը հեզ կը դարձնէ մարդը: Արդարեւ, հպարտ մարդը, մանաւանդ եթէ հասարակութեան մէջ կարեւոր դիրք ունի կամ հարուստ է , բռնակալ կրնայ դառնալ եւ աներես: Հպարտ մարդը կը ցանկայ առաջին տեղը եւ կը նեղուի եթէ այդ տեղը ուրիշին տրուի: Տեսայ անձ մը որ հանդէսի եկած էր, եւ երբ իր ուզած աթոռը իրեն չտուին, սրահը ձգեց ու գնաց: Այս անձը ըրաւ ճիշդ հակառակը Յիսուսի ըսածին , որ պատուիրեց մեզի որ երբ հրաւիրուած ըլլանք, առաջին աթոռը չգրաւենք, այլ  վերջին աթոռը:
Խոնարհ անձը կը ներէ ընկերոջ իր յանցանքը եւ անկէ տուժած վնասը՝ Յիսուսի խօսքը նկատի առնելով «Եթէ դուք ներէք մարդոց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի (Մտթ. Զ. 14):
Սուրբ մը ըսաւ. «խոնարհութիւնը՝ առաքինութիւն մըն է որուն միջոցաւ մարդը  ինքզինք խորապէս կը ճանչնայ եւ կը դառնայ փոքրիկ իր աչքին առջեւ»: Ի՜նչ իմաստուն խօսք: Սակայն կարեւոր է որ դուն զքեզ չխաբես, եւ արտաքինով միայն խոնարհ չերեւիս՝  կեղծաւորներուն նման: Սիրելիներս, կարելի է համառօտել վերոյիշեալ շահեկան խորհրդածութիւնները Ս. Պօղոսի հետեւեալ խօսքով՝ «Բան մի՛ ընէք մրցակցութեան ոգիով կամ սնապարծութեամբ, այլ՝ իւրաքանչիւրը խոնարհութեամբ ուրիշը իրմէ գերադաս թող համարի» (Փիլ. Բ. 3): Դիւրին չէ ուրիշը իր անձէն գերադաս համարիլ, մանաւանդ երբ կը ճանչնաս անոր սխալները: Բայց հոն է իսկական խոնարհութիւնը: 
Այսօրուայ խորհուրդին երկրորդ բաժինը մեզի կը յիշեցնէ առաջին Ս. Պատարագը, զոր Յիսուս մատուցեց իր աշակերտներուն հետ, որ կը կոչենք Վերջին Ընթրիքը: Այն արարողութեան ընթացքին Յիսուս հաստատեց երկու կարեւոր խորհուրդներ: Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, երբ ըսաւ՝ «Առ՛էք կեր՛էք այս է մարմին իմ» եւ «արբ՛էք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն իմ»: Այս խօսքերով Յիսուս փոխակերպեց հացն ու գինին իր փրկարար Մարմինին եւ Արիւնին:
Սրբագործութեան խօսքերէն ետք, Յիսուս հաստատեց նաեւ Քահանայութեան խորհուրդը, երբ ըսաւ իր աշակերտներուն՝ «ըր՛էք ասիկա իմ յիշատակիս համար»: Այս բառերով, Յիսուս իշխանութիւն տուաւ 12 առաքեալներուն եւ անոնց յաջորդներուն մինչեւ աշխարհի վերջին օրը, որ սրբագործեն հացն ու գինին Ս. Պատարագներ մատուցանելով: Նովին գործով, Յիսուս առաքեալները եպիսկոպոս կարգեց. անոնք ալ եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ ձեռնադրեցին, քրիստոնեայ հասարակութիւնները հովուելու, ու սրբացնելու եւ անոնց հաւատքը միշտ վառ պահելու համար:
Պատմութենէն գիտենք թէ երբ րիգոր Լուսաւորիչ դարձի բերաւ Տրդատ թագաւորը, անիկա տարաւ րիգոր Կեսարիա Կապադովկիա, որպէսզի ստանայ Ս. Ղեւոնդիոսէն եպիսկոպոսական կարգը: Եւ քանի րիգոր կ’ուզէր քրիստոնէացնել հայ ժողովուրդը եւ չունենալով տակաւին հայ եկեղեցականներ, Կեսարիայէն հետը քահանաներ բերաւ Հայաստան, որպէսզի իրեն օգնեն, սկզբնական շրջանին, հայ ժողովուրդին քարոզելու Ս. Աւետարանը եւ զանոնք մկրտելու: Եւ այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն  ունինք, թէպէտ ոչ բաւակաչափ թիւով, հայ եկեղեցիներ եւ քահանաներ, որպէսզի Ս. Հաղորդութիւնը անպակաս ըլլայ մեր սփիւռքածարած գաղութներուն մէջ:
Քրիստոս, որ կենդանի հացն է երկինքէն իջած, միակն է որ կրնայ յագեցնել մարդուն անօթութիւնը եւ ծառաւը: Բայց, Յիսուս չուզէր այս գործը կատարել առանձին, այլ՝ ինչպէս հացի եւ ձուկի բազմացումի հրաշքի ատեն խնդրեց իր աշակերտներէն որ անոնք բաժնեն կերակուրը ժողովուրդին, նոյնպէս ալ հիմա Յիսուս կ’ուզէ բաշխել քահանաներուն միջոցաւ իր փրկագործ Մարմինն ու Արիւնը Իրեն հաւատացողներուն: Ուստի, կարեւորէ սիրելիներս քահանաներուն համար միշտ աղօթել:
Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան կ’ըսէ՝ «Եթէ Յիսուս ունիմ եւ ուրիշ  ոչինչ, ամէն ինչ ունիմ. իսկ եթէ ամէն բան ունիմ (այսինքն՝ դիրք ունիմ, դրամ եւ պատիւ) եւ Յիսուս չունիմ, ոչինչ ունիմ»: Նոյն իմաստը կու տայ Երանելի Մայր Թերեզայ, որ օգնեց բազմահազար լքուածներուն ու աղքատներուն, եւ զանոնք պատրաստեց երկինք երթալու: Կ’ըսէր՝ «մարդիկ Աստուծոյ պէտք ունին. եթէ անոնց ամէն բան տաս եւ Աստուծոյ սէրը չտաս, ոչինչ տուած կ’ըլլաս»:
Յիսուս ըսաւ՝ « Ով որ ուտէ մարմինս ու ճաշակէ արիւնս, կը բնակի Իմ մէջս, ու Ես՝ անոր մէջ» (Յովհ. Զ. 56): Այսինքն՝ ով որ Քրիստոսի Ս. Մարմինը եւ Արիւնը ստանայ, միացած կ’ըլլայ սերտ կերպով Յիսուսին հետ, ինչպէս մոմը փակած կ’ըլլայ ուրիշ մոմի որ այլեւս մէկ մոմ կը կազմեն: Կը մտածէք արդ՞եօք Ս. Հաղորդութեան այս մեծ շնորհքին մասին:
Այսօրուայ խորհուրդին մասերը իրարու հետ միացած են: Ս. Պատարագի մասնակցութիւնը կը մղէ քրիստոնեաները աւելի սիրով ըլլալու իրարու հանդէպ եւ աւելի պատրաստ ուրիշներուն ծառայութիւն մատուցանելու, մանաւանդ կարիքաւորներուն: Այս առումով, Ս. Պատարագը կը դառնայ քրիստոնեայ հասարակութեան բաբախուն սիրտը եւ հոգեւոր կեանքի մշտատեւ վերանորոգման աղբիւր: Հոն ծագում կ’առնեն բարեսէր միութիւններուն անձնուէր մարդիկ եւ աղօթող անձերը: Այս առումով եւս, կիրակի օրը յատուկ օր կը հանդիսանայ քրիստոնեաներուն համար, եւ պէտք է անոր մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայել, որովհետեւ ան Քրիստոսի Յարութեան օրն է, Անոր յիշատակի յաղթանակը մեղքին եւ մահուան վրայ: Որով՝ կիրակի օրը կարելի չէ նմանցնել շաբթուան միւս օրերուն եւ կամ նկատել որպէս շաբաթավերջի օրը «week end»: Ան շաբթուան առաջին եւ ամէնէն կարեւոր օրն է, եւ արդէն անոր յաջորդող օրը կը կոչուի երկուշաբթի, այսինքն շաբթուան երկրորդ օրը եւ ոչ թէ առաջին օրը:
Ուստի, Ս. պատարագը հաւատացեալին համար պէտք է նկատուի իր կեանքին կեդրոնը: «Մի վախնաք ձեր ժամանակը տրամադրել Քրիստոսին, կ’ըսէ Աստուծոյ Ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբ. Քահանայապետը: Ձեր ժամանակը յատկացուցէք Քրիստոսին, որպէսզի Ան լուսաւորէ զայն եւ ուղղէ : Քրիստոսին նուիրուած ժամանակը, կը շարունակէ Ս. Պապը, կորսուած ժամանակ մը չէ երբեք, այլ շահեկան ժամանակ՝ ձեր կեանքին համար»:
Սիրելիներս, այսօր որ այնքան սրբազան խորհուրդներով շրջապատուած էք, հաւատքով, սիրով եւ խոնարհութեամբ ու մաքուր խիղճով մօտեցէք Ս. Սեղանին, եւ Աստուածամօր վրայ սեւերեցէք մեր աչքերը աւելի լաւ հասկնալու համար Ս. Հաղորդութեան փոխակերպով ոյժը:  Ամէն:     

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ