Պէյրութ, Լիբանան
Օր Մոխրոցի առիթով, Երկուշաբթի 4 Փետրուար 2008ին առաւօտեան ժամը 9:00ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պերտոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատուցեց Ս. Պատարագ ԱշրաՖիէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ամէն տարի, Քառասնորդաց շրջանը նախախնամական առիթ մըն է մեզի համար, որպէսզի աւելի խորացնենք մեր քրիստոնէական կեանքը եւ տեսնենք ուր հասած են մեր յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ եւ որքանով Իրեն հաւատարիմ մնացինք: Այս շրջանը մեզ կը մղէ մեծապէս գնահատելու Աստուծոյ հայրական անհուն գթութիւնը մեր յանցանքներուն եւ մեր մեղքերուն վրայ՝ դառնալու համար, մեր կարգին, համբերող եւ ներողամիտ մեր յանցապարտներուն հանդէպ:
Ինչպէս գիտէք, Քառասնորդաց շրջանին, մեր մայրը՝ Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը խրախուսէ կատարելու կարգ մը հոգեշահ հրահանգներ ի նպաստ մեր կեանքի հոգեւոր վերանորոգումին՝ յատուկէն աղօթել, ծոմ պահել եւ ողորմութիւն ընել: Սուրբ Հայրերը կÿըսեն. «Աղօթելը լաւ բան է, ծոմապահութիւնը՝ աղօթքէն աւելի նպաստաւոր է, իսկ ողորմութիւնը՝ երկուքն ալ կը գերազանցէ»: Եւ կը խրատեն ըսելով. «Լաւագոյնը կÿըլլայ որ այս երեք հրահանքները՝ աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ ողորմութիւնը միասնաբար կատարենք»:
Ողորմութիւն ընելը մեզ կÿազատէ ինչքերու եւ դրամի տիրանալու փորձութենէն: Չմոռնանք Յիսուսին խօսքը. «Չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել եւ դրամին» (Ղկ. 16,13): Եւ սակայն, ոմանք իրենց ամբողջ կեանքը կը ջանան Յիսուսի խօսքին հակառակը փաստել, այսինքն՝ յաջողիլ ծառայել միանգամայն թէ Աստուծոյ եւ թէ դրամին, եւ երբեք չեն յաջողիր, որովհետեւ կշիռքը միշտ դրամին կողմը կÿանցնի եւ Աստուած երկրորդ կամ երրորդ կարգի կը մնայ: Նման անձերուն սիրտը գոց կÿըլլայ Աստուծոյ խօսքին եւ չեն հասկնար աստուածային ներշնչումները: Անոնց սիրտը կարծր կÿըլլայ ուրիշներուն հանդէպ եւ մանաւանդ աղքատներուն նկատմամբ, ու միշտ պատճառաբանութիւն կը գտնեն իրենք զիրենք արդարացնելու համար: Արդ, ողորմութիւնը մեզի մեծապէս կÿօգնէ դրամին կառչելու մնայուն փորձութեան դէմ եւ աւելի հետաքրքրուելու կարիքաւոր եղբայրակիցներուն մասին՝ անոնց օգտակար դառնալու համար:
Եկեղեցւոյ ուսուցման համաձայն, մենք մեր ինչքերուն եւ մեր դրամին սեփականատէր չենք: Զարմանալի կը թուի այս խօսքը, եւ ամէն մարդ կը կարծէ որ իր դրամը իրն է միայն սակայն այս չէ ճշմարտութիւնը: Մենք մեր դրամին եւ մեր ինչքերուն պարզ մատակարարներն ենք, եւ պէտք է դառնանք լաւ մատակարարներ՝ Աստուծմէ վարձատրութիւն ստանալու համար: Ուստի սխալ է նկատել մեր դրամը որպէս մեր բացարձակ սեփականութիւնը, ինչպէս կը մտածեն գրեթէ բոլոր մարդիկ, որոնք Աւետարանը չեն հասկցած: Մեր ինչքերը լոկ միջոցներն են՝ թէ լաւ ապրելու եւ թէ բարիք ընելու համար: Ուրիշներուն օգնել՝ ողորմութիւն ըլլալէ աւելի՝ արդարութեան հարց պէտք է համարենք:
Ս. Յովհաննէսի առաջին թուղթին մէջ կը կարդանք. «Մէկը որ աշխարհի բարիքները կը վայելէ եւ կը տեսնէ իր եղբայրը բանի մը կարօտ ու իր գութը կը փակէ անոր առջեւ, ինչպ՞էս Աստուծոյ սէրը պիտի բնակի անոր մէջ» (Ա. Յովհ. 3,17): Այս ազդարարութիւնը ծանր է եւ ուղղուած է անոնց համար, որոնք կը գործածեն իրենց դրամը միմիայն իրենց անձին համար եւ կÿանտեսեն կարօտեալները:
Ս. Աւետարանը կը շեշտէ, որ մեր ողորմութիւնը կատարենք գաղտնի կերպով. կÿըսէ. «Երբ ողորմութիւն ընես, թող ձախ ձեռքդ չգիտնայ աջիդ ըրածը, որպէսզի ողորմութիւնդ գաղտնի ըլլայ եւ Հայրդ որ գաղտնին կը տեսնէ, վարձատրէ քեզ յայտնապէս» (Մտթ. 6, 3-4): Դժբախտաբար, շատեր կը մոռնան այս իմաստուն յորդորը: Աւետարանը հետեւեալ ազդարութիւնն ալ մեզի կÿընէ. «Զգոյշ եղէք, որ ձեր ողորմութիւնը մարդերու առջեւ չընէք, անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու դիտումով, որովհետեւ պիտի կորսնցնէք ամէն վարձատրութիւն ձեր Հօրմէն, որ երկինքն է» (Մտթ. 6,1): Ըսել է թէ՝ ամէն բան պէտք է կատարենք գաղտնաբար եւ Աստուծոյ փառքին համար միայն, եւ ոչ մեր փառքին համար, այլապէս՝ Աւետարանին հնազանդած չենք ըլլար եւ Աստուծմէ վարձատրութիւն չենք ստանար:
Մեր օրերուն, փառասիրութեան փորձութիւնը ամէն մարդ անդադար կը հետապնդէ եւ կը խաբէ տկար հոգիները: Ասոր համար, պէտք է արթուն ըլլալ չÿիյնալու համար հպարտութեան ծանր մեղքին մէջ: Ոչինչ քեզի կը ծառայէ եթէ մեծ գումարներ աղքատներուն բաժնես եւ քու սիրտդ ամբարտաւան է: Ահա թէ ինչու համար ան, որ համոզուած է թէ միայն Աստուած «գաղտնին կը տեսնէ» եւ կը վարձատրէ, չի փնտռեր մարդոց գովասանքները իր կատարած բարեսիրական գործերուն համար եւ զանոնք գաղտնի կը պահէ: Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ նաեւ որ՝ «Աւելի լաւ է տալ քան առնել» (Գործք 20,35): Այս խօսքը կը հասկնան միմիայն անոնք որոնք սիրով կու տան առանց բան մը սպասելու անոր փոխարէն:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քառասնորդաց շրջանը օրհնեալ շրջան մըն է եւ մեզ կը հրաւիրէ հոգեւոր հրահանգներ կատարելու, մանաւանդ ողորմութիւնը, որպէսզի դրամին չկապուինք եւ եղբայրասէր դառնանք: Այդ դիւրին պիտի ըլլայ եթէ աղքատին մէջ տեսնենք Յիսուսին դէմքը: Մեր բարեգործութիւնները, նիւթական օգնութիւն ըլլալէ աւելի, պէտք է դառնան մեր սիրոյ արտայայտութիւնը, ինչպէս Տէրը մեզի սորվեցուցած է: Աշխատինք ուրեմն Քառասնորդաց շրջանին ընթացքին դառնալու վկաներ Քրիստոսի սիրոյ, որ մեզ սիրելուն համար Իր կեանքը զոհեց, մեզի նոր յոյս ներշնչեց եւ մեզի խաղաղութիւն պարգեւեց:
Թո՛ղ Աստուածամայրը եւ մեր մայրը, որ եղաւ հաւատարիմ աղախինը Տիրոջ, մեզի օգնէ Քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր պայքարին մէջ, գործածելով ապաշխարութեան զէնքերը՝ աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ ողորմութիւնը: Այս հոգեւոր պայքարը, եթէ յաջողութեամբ կատարենք եւ մեր սիրտը Սուրբ Հոգիով վերանորոգենք, պիտի վայելենք Սուրբ Յարութեան ուրախութիւնները. Ամէն: