Փարիզ
ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնական գրասենեակի մէջ, շաբաթ 9 փետրուարին տեղի կ'ունենայ Պրազիլի Ռիօ Տը Ճեներօ քաղաքին մէջ կայանալիք երիտասարդական համաշխարհային 2013-ի օրուայ ազգային նախապատրաստական երրորդ հանդիպիումը։
Հանդիպման ընթացքին ելոյթ կ'ունենան երիտասարդներու եւ մանուկներու հովուական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Մութել եւ հայր Էրիք Ժագինէ՝ աշխարհականներու քահանյապետական խորհուրդի երիտասարդական բաժնի պատասխանատուն, որ պիտի զեկուցէ «Երիտասարդական համաշխարհային օրուայ պատմութիւնը եւ անոր հովուական զարգացումները» նիւթին մասին։ Նոյն օրը պիտի ներկայացուի նաեւ ուղեցոյց մը, որ օգնէ երիտասարդները հոգեւորապէս պատրաստուելու այդ կարեւոր դէպքին։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=663081