Հռոմ,
Շաբաթ 15 յունիս 2011, Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը անուանեց սալեզեան հայրերէն տէր Ճորճիօ Ծեւինին որպէս նոր հոգեւոր հայր Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին հասարակութեան:
Տէր Ճորճիօ Ծեւինին կը պատկանի Տոն Պոսգոյի ընկերութեան սալեզեան միաբանութեան: Ան իտալացի է, ծնած 1939-ին, քահանայ ձեռնադրուած է 1968-ին: Իր կրօնաւորի մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 1957-ին: Ան հեղինակն է աւելի քան 20 սուրբ գրային մեկնաբանական եւ հոգեւոր գիրքերու: