Շաբաթ, 2 Մայիս 2009 - Ապրիլեան Ցեղասպանութիւնը Ոգեկոչուեցաւ Զանազան Ձեռնարկներով եւ Արարողութիւններով Հռոմի Մէջ

Հռոմ, Իտալիա

 
Յաւիտենական քաղաքի՝ կեդրոնը գտնուող Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ ժամը 5.30-ին Հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան՝ մեծաւորը Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքին, որմէ ետք ներկաները, մեծ թիւով, թափօրով ուղղուեցան Սուրբ Նիկողայոսի անուան հրապարակը գտնուող ՜՜Խաչքարին առջեւ ՝՝ ուր եւ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօնը։ Այս առթիւ մեր նահատակներուն նուիրուած յուշաքարին առջեւ՝ որ դրուեցաւ
2006-ին նախաձեռնութեամբ Հռոմի քաղաքապետարանին զետեղուեցաւ եռագոյնով զարդարուած ծաղկեպսակ, հուսկ խօսք առին Տիկին Կարինէ Դանիէլեան Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան անունով, եւ Տիար Րոպէր Աթթարեան Փոխ նախագահը Հռոմի Հայ Գաղութի խորհուրդին, որ կարդաց Հռոմի քաղաքապետ՝ Ճաննի Ալէմաննոյի գիրը՝ 24 Ապրիլի առիթով, ուղղուած՝ իտալահայութեան։ Նշենք որ՝ առաջին անգամն է որ Հռոմի քաղաքապետ մը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակին համար։

Տիար Աթթարեան յիշեց նաեւ որ Իտալիոյ Ծերակուտարանը եւ Ազգային Ժողովը, 23 Ապրիլի՝ նիստի ընթացքին, յիշած են Մեծ Եղեռնի՝ մէկ ու կէս միլիոն զոհերը զօրակցութիւն եւ մօտիկութիւն յայտնելով Իտալահայութեան։

Յիշենք նաեւ որ Ապրիլեան յիշատակութեան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի 22 Ապրիլին ժամը 17.30-ին, Casa della Memoria e della Storia, Շոհայի նուիրուած կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսական ձեռնարկ մը հետեւեալ բնանիւթով. ՜՜Հայերը՝ Պատմութիւններ առանց պատմութեան՝՝ մասնակցութեամբ՝ Հռոմի Հայոց Խորհուրդին եւ հանրայայտ պատմագէտ եւ լրագրող ու հայոց մեծ բարեկամ ՝Մարքօ Թոզաթթիի։ Այս նոյն կեդրոնին մէջ Մայիս 6-ին ժամը 6.30-ին բացումը պիտի կատարուի՝ Արմին Վէկների հայոց ցեղասպանութեան հայող՝ լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 16 Մայիս 2009։ Այս նախաձեռնութեան, բացի Հռոմի Հայ Գաղութի Խորհուրդին եւ A.N.E.D ընկերակցութեան, ՜՜իր վկայութեամբ՝՝ պիտի մասնակցի նաեւ Արմին Վեկների որդին՝ ճարտարապետ՝ Միշա Վէկները։

Հայոց Ցեղասպանութեան 94-րդ տարեդաձին առիթով Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդը այս տարի եւս, եզակի քարոզչութեան մը միջոցաւ, ձեռնարկեց հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը հրաւիրելու՝ յատկապէս նոր սերունդի ուշադրութիւնը՝ 20-րդ դարու Ա. Ցեղասպանութեան վրայ ։

Նախաձեռնութիւնը անզուգական է իր տեսակին մէջ, քանի որ այս տարի եւս օգտագործուեցան Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի հանրակառքերը, օժտուած՝ տեսաերիզի սարքաւորումով։

Ընդամէնը 900 հանրակառք եւ 1800 տեսաերիզ պիտի ցուցադրուի . Ապրիլ 22-էն մինչեւ Մայիս 16 2009, ուր կը տեսնուի բերանը կարուած մարդ մը եւ հետեւեալ գրութիւնը ՙՙ24 Ապրիլ 2009։ 94-րդ տարեդարձը Հայոց Ցեղասպանութեան. անխօս ողբերգութիւն մը, եւ հետեւեալ ստորագրութիւնը՝ Հռոմի Հայ Գաղութի Խորհուրդ www.comunitaarmena.it։

Բերանը կարուած մարդու նկարը կը հայի 20-րդ դարու Ա. Ցեղասպանութեան որուն մասին երկար տարիներ չխօսուեցաւ շատ մը պետութիւններու կողմէ եւ որ 1973-ին Մակի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Ենթայանձնախումբը սահմանեց որպէս 20–րդ դարու Ա . Ցեղասպանութիւնը։

Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդը իր այս նախաձեռնութեամբ կը նպատակադրէ վառ պահել ԵՂԵՌՆի մէկ ու կէս միլիոն զոհերու յիշատակը նաեւ գիտակից դարձնել հանրային կարծիքը յատկապէս նոր սերունդը որպէսզի նման ողբերգութիւններ երբեք տեղի չունենան։

Ոգեկոչման արարողութիւններ եւ եւ ձեռնարկներ կատարուեցան նաեւ Իտալիոյ քաղաքներէն Միլանոյի, Վենետիկի, Նափոլիի, Բատովայի ու Մաթերայի մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ