Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2007 - Հռոմահայերը Ոգեկոչեցին Ապրիլեան Նահատակներու Յիշատակը

 Հռոմ,Իտալիա

Երեքշաբթի 24 Ապրիլ 2007 Յաւիտենական քաղաքի հայորդիները,  ոգեկոչեցին 1915-ի մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակը որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 11.30 ին Վատիկանի մէջ:
 
Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական  հայ վարժարանի մեծաւոր՝  Գերյ.  Հ. Միքայէլ Ծ. Վրդ. Մուրատեանի առաջնորդութեամբ՝ ու մասնակցութեամբ՝ սոյն վարժարանի  ժառանգաւորներուն, ներկայութեամբ՝Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու ընդհանուր մեծաւորուհի Մայր Եւդոքսիա Քէշիշեանի ու միաբանութեան քոյրերուն, Հռոմ գտնուող՝ հայ  վարդապետներու, Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմին ու Հռոմի հայ գաղութէն  ներկայացուցիչներու, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին Վատիկանի մէջ զետեղուած՝ խաչքարին առջեւ,  (Խաչքարը   նուիրած էր  Բարեյիշատակ Գարեգին Ա ամենայն հայոց կաթողիկոսը Երջանկայիշատակ ՅՊԲ  քահանայապետին): Սոյն խաչքարին առջեւ կատարուեցաւ  հոգեհանգստեան պաշտօն մը եւ  ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ, ներկայ էր նաեւ Գերապայծառ Լուիճի Ճինամի ներկայացուցիչը  Վատիկանի պետական քարտուղարութեան որ մասնակցեցաւ աղօքներուն ու իտալերէնով Աւետարանի ընթերցումը կատարեց:

24 Ապրիլ  2007-ի Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման  երկրորդ փուլը  տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին ժամը 6-ին սկիզբ առած՝ հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագով զոր մատոյց եւ քարոզեց Գերյ. Միքայէլ Ծ. Վրդ. Մուրատեան մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանին, եւ գործակատարը Սուրբ  Աթոռի մօտ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան. Գերյարգելի վարդապետին հետ համապատարագեցին հայր Մխիթար Պօղոսեան եւ հայր Յովսէփ Մէլիքսէթեան:

Յաւարտ Ս. Պատարագին  եկեղեցական դասն ու ներկայ հաւատացեալները   թափoրով՝ ուղղուեցան  Հռոմի՝ Ս. Նիկողայոսի նուիրուած հրապարակը, գաղութի երիտասարդներ Հայաստանի ու Իտալիոյ դրօշակներով, որոնց  կը հետեւէին ջահակիրներ իսկ  հաւատացեալները վարդեր բռնած՝ կանգ առին  մէկ տարի առաջ հանդիսաւոր բացումը կատարուած՝ մեծ եղեռնի զոհերու նուիրուած  յիշատակաքարին  առջեւ... այնտեղ  մէկ վարկեան լռութենէն  ետք գաղութէն  երկու երիտասարդներ դափնեպսակ  մը զետեղեցին,  ապա  շարականներու երգեցողութեամբ  ուղղուեցան  Լեւոնեան վարժարանի բակը կատարելու  հոգեհանգստեան պաշտօնը, մեր բիւրաւոր նահատակներու  հոգիներու   համար ապա ներկաները Խաչքարին առջեւ իրենց վարդերը զետեղեցին:

Աւելցնենք թէ՝ այս տարի,  Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով պատրաստուեցաւ յիշատակի որմազդներ շեշտելու՝ լռութեան մատնուած հայոց հարցը.   որմազդին վրայ պատկերուած է մարդու մը դիմանկարը, սակայն, բերանն ու աչքերը  փակուած՝  նշան թէ  անկէ  խլուած է արտայայտուելու իրաւունքը . որմազդը  կը կրէ հետեւեալ գրութիւնը  ողբերգութիւն մը որ խօսք չունի՝՝ ...  Հռոմի  օրաթերթերու մեծ մասը անդրադարձաւ  օրուան (24 Ապրիլի) յիշատակութեան ու  հայոց մեծ եղեռնին  եւ  տեղ տուին իրենց օրուան եւ նախորդող օրերու  թիւերու  էջերուն վրայ սոյն որմազդին... նախաձեռնութիւնը,  կրցաւ գրաւել հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը :

www.comunitaarmena.it

 

 

 


 

.


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ