Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2012 - Աղօթք` Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի ժամանումին ընդառաջ


Պուրճ Համմուտ

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի Լիբանան այցելութեան սպասումով եւ առ ի պատրաստութիւն անոր ժամանումին, Սեպտեմբեր 13-ի երեկոյեան Հայ կաթողիկէ կղերական դասի ներկայացուցիչներն ու հայ հաւատացեալները ի մի հաւաքուեցան իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով, որ այս այցը ըլլայ արգասաբեր ու ներգործող` հոգիներու բարիքին ու Աստուծոյ փառքին համար:

Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած աղօթքի այս հաւաքին հանդիսադրեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի օգնական եպիսկոպոս հայր Յովհաննէս եպս. Թեյրուզեան, որ ներկաները առաջնորդեց կատարելու հոգեւոր այս ուղեւորութիւնը` պատմական այս իրադարձութեան ընդառաջ,:

Աղօթքի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան ըսաւ, որ այս աղօթքով կը պատրաստուինք Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի Լիբանան ժամանումին, որ ուղղուած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան իմաստի վերագտնումին: Հայր Սեպուհ անգամ մը եւս շեշտեց, որ  Սրբազան քահանայապետ Լիբանան կու գայ իր խաղաղութիւնը շնորհելու եւ ամրապնդելու հաւատացելաները` իբրեւ “մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի”: Բացման խօսքէն ետք մասնակիցները տեսանիւթի մը ընդմէջէն ծանօթացան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի կենսագրութեան:

Աղօթքը կատարուեցաւ երեք հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանը Խաչն էր` խորհրդանիշ տառապանքի, կեանքի փրկութեան եւ զօրութեան, երկրորդը` Խօսքը, որ լուսաւորող դաստիարակն է հոգիներուն եւ երրորդը` Խաղաղութիւնը, որ քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է Արեւելքի մէջ` առ ի հետեւութիւն երկրի վրայ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն: Հանդիսադիր եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, աղօթքի մասնակիցները նախ հայցեցին Սուրբ Հոգիի ներշնչումը, ապա խոկացին Աստուծոյ Խօսքը`հասնելու համար սրտի մտերմիկ զրոյցի: Աղօթքի եզրափակիչ մասին մէջ յատկապէս պաղատանք բարձրացաւ առ Աստուած` վասն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հոգեւոր կեանքի, քրիստոնէական վկայութեան եւ քրիստոնէական ընտանիքի ու երիտասարդութեան զօրացման:
 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ