Ուրբաթ, 29 Փետրուար 2008 - Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Տեղատուական Բաժանմունքի Պատասխանատուն Այցելեց «Ազդակ»

 

Պէյրութ, Լիբանան

Click to enlarge 
Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու հայր Վարդան Գազանճեան՝ ընկերակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի, այցելեց «Ազդակ»ի խմբագրատուն:

Փոխադարձ ծանօթացման նպատակով կատարուած այս այցելութիւնը առիթ եղաւ զրուցելու տեղեկատուական համակարգին այսօրուան խնդիրներուն մասին: Հայր Գազանճեան խօսեցաւ նաեւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժինի աշխատանքներուն մասին՝ շեշտելով, որ հայ կեանքի վերաբերող լրատուութիւններուն խմբագրման համար հայկական բաժանմունքը մեծապէս կ’օգտագործէ «Ազդակ»ի կայքէջին վրայ տեղադրուած նիւթերը:

Յիշենք, որ վերջերս Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութիւնը «Ազդակ»ի ֆոնտին կատարած խորհրդանշական նուիրատուութեամբ մը քաջալերած էր «Ազդակ»ի անձնակազմի աշխատանքը, որուն համար ալ տնօրէնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հայր Գազանճեանին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ