Sermons Sermons
Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2006 - Խօսք Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքին Հայաստան-Սփիւռք 3րդ խորհրդաժողովի լիագումար նիստին


Վսեմաշուք Նախագահներ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց,
Վեհափառ Տիարք,
Յարգարժան մասնակիցներ Հայաստան-Սփիւռք Երրորդ Խորհրդաժողովի,


Հանդիսաւոր այս պահուն թոյլ տուէք խորհրդաժողովի օրակարգէն շեղում կատարելու գնով, կարեկից հարազատի զգացումով յիշել մեր որդեգիր Հայրենիքը, սիրելի Լիբանանը ու տառապահար լիբանանցի ժողովուրդը, որ այսօր կը տուայտի իրեն պարտադրուած արիւնալի ու կործանարար պատերազմին հետեւանքով. պատերազմ՝ որուն ողբերգական հետեւանքները ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին հետ անգամ մը եւս խոցեցին լիբանանահայութիւնը, բայց չկրցան ընկճել անոր կամքը ու ջլատել անոր ներուժը:

Այս պահուն, մեր սրտերը արդար հպարտութեամբ կը լեցուին տեսնելով որ պահ մը մոռնալով իր բազմատեսակ դժուարութիւնները, մտահոգութիւններն ու տագնապները, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ապացոյցը կու տայ հայրենանուէր աշխատանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ գտնուելու իր պատրաստակամութեան, համահայկական այս խորհրդաժողովին ուղարկելով իր ազգային, քաղաքական, համայնքային ու հասարակական կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն ներկայացուցիչները:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ աշխարհասփիւռ հայ կաթողիկէ համայնքը այսպիսի պատրաստակամութեամբ ողջունած է եւ պիտի շարունակէ ողջունել ամէն ձեռնարկ որ կը միտի խթանելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, ամէն հաւաք որուն նպատակն է միասնաբար քննարկել համայն Հայութիւնը յուզող խնդիրները եւ միասնաբար որոնել անոնց լուծումները:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ողջունած է ու կ’ողջունէ հայրենի պետականութեան հզօրացման ծառայող ամէն միջոցառում, հաւատացած ըլլալով որ այդ հզօրացումը նախապայմանն է ամէն յառաջընթացի ազգային բոլոր ճակատներուն վրայ եւ համազգային խնդիրներու լուծումին:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ողջունած է ու կ’ողջունէ ամէն ծրագիր որ կը ձգտի ի մի բերելու, համադրելու ու համակարգելու հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած Հայ ժողովուրդին կարողութիւնները՝ ի խնդիր իր հայրենիքին մէջ գործելու ու ստեղծագործելու կոչուած մեր ժողովուրդի կառչումին հայրենական հողին, այդ կառչումէն կախեալ նկատելով հայրենակերտումի ու ժողովրդավարականացման գործընթացին յաջողութիւնը: Եւ որպէսզի ժողովուրդը կառչի իր հողին, այլեւս չմտածէ անհարազատ հորիզոններու տակ աւելի բարենպաստ պայմաններ գտնելու յոյսով արտագաղթելու մասին, նախ հայրենի պետութեան եւ ապա Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեամբ ծնունդ առած մարմիններուն ու անկէ բխած ծրագիրներուն առաջնահերթ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ ժողովուրդի բարօրութեան, բարգաւաճութեան ու յառաջդիմութեան համար կենսական պայմաններու ստեղծումը:Այլ խօսքով, անոր ապրուստը հաճելի դարձնող միջավայրի կերտումը: Այս գիտակցութեան մէկ արտայայտութիւնն է, անկասկած, Հայաստանի գիւղերու զարգացման մեծապէս գնահատելի ծրագիրը, որ կը գտնուի Հայաստան-Սփիւռք այս երրորդ խորհրդաժողովի սեղանին վրայ:

Այս միեւնոյն գիտակցութենէն մեկնելով, եւ նմանօրինակ ծրագիրները ընդհանրացած տեսնելու ցանկութեամբ, կ’ուզենք այս խորհրդաժողովի ուշադրութեան յանձնել մեր կարգ մը մտորումները.-

Ա - Այս օրերուն արդար հպարտութեամբ կը նշենք Հայաստանի վերանկախացման 15 ամեակը: Անկախութիւնը ժողովրդային նուաճում մը ըլլալով՝ անոր առաւելութիւններէն ու բարիքներէն առաջին եւ մեծագոյն օգտուողը զայն նուաճած ժողովուրդը պէտք է ըլլայ: Այդ առաւելութիւններուն ու բարիքներուն շարքը երկար է: Թուենք գլխաւորներէն մի քանին միայն. ընկերային ապահովութիւն եւ արդարութիւն, հաւասարութիւն, ուսումնառութեան հնարաւորութիւն, աշխատանք, բարօրութիւն եւայլն: Կրնա՞նք խղճի ամենայն հանդարտութեամբ ըսել որ անկախութիւնը իրապէս այս բարիքներն ու առաւելութիւնները պարգեւեց հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին: Եթէ ոչ, պէտք է միասնաբար յստակացնենք պատճառները եւ ծրագրենք դարմանը:

Բ - Պաշտօնական բերաններէ յաճախ կը լսենք բարձր համեմատութեամբ տնտեսական աճի մասին:Միւս կողմէ, ի զուր կ’որոնենք այդ աճին նախ աղբիւրը, ապա անդրադարձը ժողովրդային մակարդակի վրայ Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Եթէ իրապէս աճ կայ, եւ կը հաւատանք որ կայ, ինչո՞ւ անոր արդիւնքը չի զգացուիր նաեւ ժողովրդային մակարդակի վրայ եւ բոլոր շրջաններուն մէջ հաւասարապէս:

Գ - Վերոնշեալ երկու նկատողութիւններուն մէջ պէտք չէ՞ փնտռել արդեօք հայ ժողովուրդի արտագաղթին գլխաւոր պատճառներէն մէկը եթէ ոչ գլխաւորը, եւ լծուիլ բոլորս յուզող այս հայրենավնաս երեւոյթին պատճառները վերացնելու ծրագրեալ աշխատանքին, որուն մէկ նախաքայլը կ?’ուզենք տեսնել «Հայաստանի գիւղական համայնքներու զարգացման, անոնց ենթակառոյցներու համալիր վերակառուցման, գիւղերուն մէջ ապրելու եւ աշխատելու ժամանակին համապատասխան պայմաններ ստեղծելու եւ գիւղական վայրերէն ներս աղքատութեան վերացման ծրագրին» մէջ:

Դ - Աւելի նպատակայարմար եւ արդիւնաւէտ չըլլա՞ր մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրները եւ անոնց լուծումները միասնաբար քննարկելու համար որդեգրել հետեւեալ գործընթացը.- 1. նախ Հայաստանի պատկան մարմինները կը կատարեն նախնական ուսումնասիրութիւնները եւ կը մշակեն նախածրագիր մը նկատի առնելով իւրաքանչիւր խնդրի մասին հոս ներկայացուած Սփիւռքի բոլոր հատուածներուն ու շրջանակներուն մտածումները, գաղափարները, տեսակէտները ու կեցուածքը, որոնք կը պարզուին սփիւռքահայ մամուլին մէջ համարեա ամենօրեայ հերթականութեամբ լոյս տեսած յօդուածներու, գրութիւններու, ուսումնասիրութիւններու ու մեկնաբանութիւններու ընդմէջէն, եւ ի հարկին շրջաբերականներու միջոցաւ զանոնք քաղելով ուղղակի սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէն կամ մարմիններէն: 2. Այնուհետեւ նախածրագիրը կը քննարկուի Հայաստան-Սփիւռք սեղմ եւ մասնագէտներու յանձնախումբի մը շրջագիծէն ներս եւ հուսկ, երրորդ հանգրուանին, ան կը բերուի Հայաստան-Սփիւռք լիագումար խորհրդաժողովի սեղանին: Չէ՞ք կարծեր որ ինքնութեան, հայապահպանութեան, լեզուի, երկքաղաքացիութեան, հայրենադարձութեան, մշակոյթի կամ կրթութեան նման համազգային խնդիրներու եւ հիմնահարցերու քննարկման աւելի լուրջ, գործնական եւ արդիւնաւէտ գործընթաց մըն է ասիկա, որ տեղի կ’ունենայ մէկ խորհրդաժողովէն միւսը երկարող ժամանակահատուածի ընթացքին:

Ե - Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը մեծապէս կախեալ է փոխադարձ յանձնառութիւններու, պարտաւորութիւններու ու դերերու յստակացումէն որքան ալ այդ յանձնառութիւնները, պարտաւորութիւնները կամ դերերը իրենց բնական ու անգիր բացատրութիւնները ունենան: Ան կախեալ է նաեւ փոխադարձ վստահութենէն զոր Հայաստան եւ Սփիւռք պէտք է ներշնչեն ոչ միայն իրարու հանդէպ, այլ հանդէպ իրենց ժողովուրդներուն:


Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը յարաճուն եւ անոնց միջեւ կապերը աւելի ամրացած տեսնելու նախանձախնդրութենէն կը բխին մեր նկատողութիւնները, որովհետեւ Հայութեան եւ Հայաստանին գերագոյն շահերը հատուածական, քաղաքական, գաղափարական կամ համայնքային ամէն նկատումէ վեր դասող այդ գործակցութեան սերտացումը հրամայական է աւելի քան երբեք այսօր:

Հանդիսաւոր այս պահուն, կը վստահեցնենք ձեզ որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնն ու համայնքը յարաճուն յանձնառութեամբ եւ Տիրոջ օգնութեամբ պիտի մնան այդ գործակցութենէն թելադրուող Մայր Հայրենիքի ծառայութեան մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ