Ապու Տապի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Աւելի քան 1500 կաթողիկէ երիատասարդներ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէն կը մասնակցին հոգեւոր կրթութեան եւ աղօթքի հանդիպումի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ապու Տապի քաղաքին մէջ, 15-էն 17 նոյեմբեր 2012։
«Ամէն ինչ կարելի է հաւատացեալին համար» խորագրով այս հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ապու Տապիի «Սուրբ Յովսէփ» եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ հիւսիսային եւ հարաւային արաբական գօտիներու առաքելական առաջնորդութիւններուն։
Հանդիպման նպատակն է պահպանել միասնականութիւնը երիտասարդներուն միջեւ, որպէսզի «անոնք զգան թէ առանձին չեն» Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ, ուր դժուար է կաթողիկէ երիտասարդներուն համար «հաւատարիմ մնալ» իրենց հաւատքին, եւ որտեղ կը ծագին «պայքարներ», ինչպէս որ յայտնեց Արաբական հարաւային գօտիի առաքելական առաջնորդ՝ մոնսինիոր Փօլ Հինտէր, Րատիօ Վատիկան կայանին։ Ան աւելցուց, որ երիտասարդները Միջին Արեւելքի մէջ ձեւով մը «գոյատեւման ուխտագնացութիւն» մը կ’ապրին, որովհետեւ անոնց մեծ մասը «գիտէ որ պիտի չի կրնայ գոյատեւել միշտ այս շրջանին մէջ»։ «Այս անորոշութեան մէջ, երիտասարդները կ՛ապրին իրենց հաւատքը», - եզրափկեց առաջնորդը։