Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2010 - Հայրապետական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ


Պէյրութ, Լիբանան

Սրտանց ձեզի Զատկուայ մաղթանքը կը փոխանցենք ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Այս մաղթանքով կ՛ուզեմ  ձեզի աւետել սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, առաքինափայլ կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, որ Յիսուս յարութիւն առաւ, որպէսզի մենք, թէպէտ սահմանուած ենք մահուան,  չմտածենք որ երկրաւոր մահով կեանքը բոլորովին վերջ կը գտնէ:  Ո՛չ, Քրիստոս յարութիւն առաւ՝ մեզի ապահովութիւն տալու համար, որ մենք ալ յարութիւն պիտի առնենք աշխարհին վերջը:
Այս բացատրութիւնը կու տամ, որովհետեւ ոմանք կը հարցնեն՝ «Մահուընէն ետք ի՞նչ կայ »:  Քրիստոսի յարութիւնը, որ այսօր կը տօնենք, անոնց պայծառ պատասխանը կու տայ, քանի մահը վերջին խօսքը չունեցաւ, եւ կեանքը յաղթական ելաւ: Ուստի մեր հաւատքը յարութեան մասին չէ հիմնուած մարդկային պատճառաբանութիւններուն վրայ, այլ՝ պատմական տուեալի մը վրայ, որ է. Յիսուս Քրիստոս՝ մեռնելէ  եւ թաղուելէ  ետք, երրորդ օրը յարութիւն առաւ մեռելներէն, փառաւորուած մարմինով:
Յարութիւնը ուրեմն երազ կամ ցնորք մը չէ, այլ իրական դէպք մըն է: Գիտենք որ կիրակի օրը, առտու կանուխ, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները գերեզման գացին եւ զայն պարապ գտան:  Մագթաղենացին եւ միւս կիները յարուցեալ Յիսուսի հանդիպեցան եւ զինք ճանցան: Նոյնպէս, Էմմաուսի աշակերտները ճանցան Յիսուս հացի բեկանումի ատեն: Յարուցեալ Յիսուս երեւցաւ նաեւ առաքեալներուն եւ ուրիշ բազմաթիւ աշակերտներուն Գալիլիոյ մէջ:
Յիսուս յարութիւն առաւ, որպէսզի մենք կարենանք յաւիտենական կեանքի արժանանալ , եթէ իրեն հաւատանք: Այս աւետիսը կորիզը կը կազմէ Սուրբ Աւետարաններու պատգամին: Սուրբ Պօղոս նորադարձ կորնթացիներուն կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ՝ մեր քարոզութիւնը ապարդիւն է, ապարդիւն է նաեւ ձեր հաւատքը», եւ կ՛աւելցնէ. «Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի  խղճալի  ենք» (Ա. Կորն. 15, 14.19): Յիսուս յարութիւն առաւ ո՛չ որպէսզի անոր յիշատակը տօնենք, այլ որպէսզի այդ յիշատակը արթուն մնայ մեր սրտին մէջ, անով ապրինք եւ  անով կարենանք յաւիտենական կեանքի ցանկութիւնը միշտ վառ պահել մեր սրտին մէջ: 
Յարութեան արշալոյսին նոր յոյս մը ծագեցաւ աշխարհի վրայ:  Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս իր յարութեամբ նոր ճամբայ մը բացաւ   երկնքին եւ երկրին միջեւ: Եբրայեցիներուն թուղթը կ՛ըսէ. «Քանի որ ունինք, եղբայրներ, համարձակութիւն սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, նոր եւ կենսատու ճամբովը՝ որ ինք մեզի բացաւ» (Եբր. 10, 19-20): 
Թէպէտ Քրիստոս յարութիւն առնելով յաղթեց չարի ոյժին, որ է մահը, այսուհանդերձ Յիսուս պէտք ունի այր եւ կին մարդոց, որ աշխատին ամէն տեղ եւ ամէն ատեն հաստատելու համար մարդոց մտքին մէջ այս յաղթանակը: Սակայն ոչ մարդկային միջոցներ գործածելով, այլ քրիստոոնեայ միջոցներով, այսինքն՝  անձնական վկայութիւն տալու Յիսուսի յարութեան մասին, ինչպէս նաեւ ողորմութեան, ներումի եւ սիրոյ գործեր կատարելով:
Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յոյսն է: Այս ճշմարտութիւնը մենք պարտինք  ուրախութեամբ հռչակել, մանաւանդ անոնց համար որոնք իրենց հաւատքին պատճառով կը հալածուին: Այս յոյսը մեզ  կը խրախուսէ նաեւ քաջութեամբ եւ անխտիր կերպով բարեգործութիւններ ընելու, յատկապէս երբ այդ բարեգործութիւնը կատարելու համար դժուարութիւններուն առջեւ կը գտնուինք:
Յիսուսի  յարութիւնը ամէն բանէ առաջ սիրոյ դէպք մըն է: Հօր Աստուծոյ սէրը իր Միածին Որդին կը յանձնէ մահուան՝ աշխարհի փրկութեան համար: Միածին Որդիին սէրը ինքզինք կը յանձնէ Հօր կամքին, եւ թէպէտ անմեղ՝ կ՛ընդունի զոհուիլ մեր փրկութեան համար: Այսօրուայ խորհուրդը մեզի առիթ կ՛ընծայէ  նոյն սիրով ապրելու՝ մերժելով ատելութիւնը եւ անձնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ եւ նմանելու Յիսուսի, որ «սրտով՝ հեզ եւ խոնարհ» էր, որպէսզի գտնենք մեր հոգիներուն հանգիստը (տես Մատթ. 11, 29): Ուստի թող ո՛չ ոք իր սիրտը փակէ Քրիստոսի սիրոյ, որ կարող է մեզ եւ ամէն մարդ բարեփոխելու եւ փրկելու: Այս է ամէն  մարդու ցանկութիւնը: 
Երկինք չելած, Յիսուս իր աշակերտները կը ղրկէ աշխարհի ամէն կողմ, որպէսզի վկաներ ըլլան իր յարութեան: «Քացէ՛ք ուրեմն, կ՛ըսէ Յիսուս, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի, եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատթ. 28, 19-20): Առաքեալները պիտի չապրէին անշուշտ մինչեւ աշխարհին վերջը: Հետեւաբար, Յիսուս իր խօսքը ուղղեց, ոչ միայն ներկայ այլ եւ բոլոր դարերու իր աշակերրտներուն, մինչեւ աշխարհին վերջին օրը: Ուստի, եւ մեզի ալ ուղղուած է այս խօսքը եւ մեզի յանձնուած է այս առաքելութիւնը:
Սիրելիներ, Քրիստոսի յարութիւնը  դէպքը կը շնորհէ մեզի  յաւիտենական կեանքը: Հազարաւոր մարդիկ այս աւետիսին հաւատացին եւ պայքարեցան իրենց հաւատքը պահելու համար, երբեմն իրենց կեանքի գինով, ինչպէս ըրին 1915-ի մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, քաջ գիտնալով որ այս կեանքէն  ետք ուրիշ կեանք մը կը սպասէ իրենց, աւելի փառաւոր կեանք մը, որովհետեւ Աստուծոյ հետ միացած պիտի ըլլան: Այս իմաստով, Յիսուսի յարութիւնը  կը լուսաւորէ մեր ամենօրեայ գործերը, որոշումները եւ  յանձնառումները: Այսօր յատկապէս, Ս. Եկեղեցին կ՛աղօթէ խնդրելով բոլորիս վրայ յարութեան լոյսը, որ կարող է մեզ առաջնորդել, դէպի փրկութեան ապահով ճամբան: 
Խնդրե՛նք Ս. Կոյս Մարիամէն որ օգնէ մեզի ստեղծելու համար մեր շուրջ յարութեան ուրախութեան մթնոլորտ մը եւ ըլլալու մեր ապրելակերպով հարազատ վկաներ աստուածային սիրոյ, որեւէ պարագայի մէջ որ գտնուինք:
Աղօթե՛նք  յատուկէն բոլոր անոնց համար, ուր յարութեան ուրախութիւնը դժուարութիւն կը գտնէ թափանցելու անոնց սրտին մէջ, որովհետեւ փոխանակ խաղաղութեան եւ ապահովութեան՝ հոն կը տիրեն ապագայի անորոշութիւն, մշտատեւ բռնութիւն, հալածանք եւ անարդարութիւն, ինչպէս է վիճակը Իրաք եւ Սուրբ Երկիր:
Մեր աղօթքը բարձրացնենք նաեւ Հայաստանի, Ղարաբաղի, Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի բոլոր ժողովուրդներուն համար, որպէսզի Յիսուսի յարութիւնը սփռէ իւրաքանչիւրին մօտ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ սէր:

Եւ թո՛ղ բարիքը յաղթէ չարին եւ կեանքը մահուան.Ամէն:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ       ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ներսէս Պետրոս ժԹ.
    Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ