Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2013 - Հոգեւոր Տէրը ընդունեց «Ամալ» կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը
Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 21 օգոստոս 2013, առաւօտեան, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց լիբանանեան «Ամալ» կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը բաղկացած՝ Շէյխ Հասան Ալ Մասրիէ եւ Սայյէտ Ապտալլահ Մուսայէ, որոնք պաշտօնական հրաւէր մը փոխանցեցին Հոգեւոր Տիրոջ, ներկայ գտնուելու Իմամ Մուսա Սատէրի յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութեան:

Հանդիպման ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը բուռն կերպով դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որ խորապէս յուզեց համայն Լիբանանը, իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելով պատուիրակութեան եւ պայթումին զոհերու ընտանիքներուն ու պարագաներուն:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ