Շաբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2008 - Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը Այցելեցին Նախագահ Սլէյմանին

Լիբանան

 
Ուրբաթ 19 Սեպտեմբեր 2008ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը առաջնորդութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ
 
. Կաթողիկոս Պատրիարքին պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Լիբանանի Հանրապետութեան  նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ամենապատիւ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան, վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարք եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Դամասկոսի, Հալէպի, Գամիշլիի, Թուրքիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի, Լատին Ամերիկայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի վիճակաւորները, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր Եպիսկոպոսներ եւ Զմմառեան Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդը:
Հայ Կաթողիկէ պատուիրակութիւնը պալատի մուտքին ընդունուեցաւ զինուորական պատիւներով: Պալատի դահլիճին մէջ բարի գալուստի ողջագուրումներէ ետք խօսք առաւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը եւ Սիւնհոդոսական հայրերու անոււնով շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին իր ջերմ ընդունելութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Աթոռը 1742ին հաստատուած է Լիբաբանի ուր հայերը ապրած են դարերէ ի վեր: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յայտնեց թէ Հայերը մեծապէս երախտապարտ են Լիբանանի զաւակներուն, որոնք ցեղասպանութենէն ճողոպրած Հայ ժողովուրդին բացին իրենց սրտերը եւ գրկաբաց թեւերով ընդունեցին զանոնք:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գնահատանքի խօսքեր արտայայտեց նախագահի բարձր արժանիքներու մասին, մաղթելով որ Աստուած տայ անոր Սողոմոնի իմաստութիւնը որպէսզի յառաջ տանի ազգային երկխօսութիւնը եւ կառավարէ Լիբանանը սիրոյ եւ անկախութեան մթնոլորտի մէջ:
Նախագահ Միշէլ Սլէյման իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սինհոդոսական հայրերուն, մաղթելով որ անոնց ժողովները արգասաբեր ըլլան Հայ համայնքին եւ համայն Լիբանանի համար: Նախագահ Սլէյման շեշտեց թէ Հայերու ներկայութիւնը պարծանք է երկրին համար, որովհետեւ անոնք իրենց աշխատասիրութեամբ եւ մշակոյթով կը հարստացնեն Լիբանանը: Նախագահը շեշտեց նաեւ որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող համայնքային բազմազանութիւնը կը բարձրացնէ երկիրը եթէ անոնց շահերը միշտ սերտօրէն կապուած մնան Հայրենիք Լիբանանին: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ