Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2011 - Հանդիպում՝ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի հետ


                                     

Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 26 յունուար 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան իր Լիբանան կեցութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կայքէջին տնօրէնութեան հետ։

Հանդիպման ընթացքին, գերապայծառ տէրը անդրադարձաւ Եգիպտոսի քրիստոնեաներու զգայուն իրավիճակին, անոնց ներկայ կացութեան ու դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյ դէմ գործուած ահաբեկչական ոճիռէն ետք, որ հարուածեց քրիստոնեայ ներկայութիւնը Եգիպտոսի եւ ընդհանուր Միջին Արեւելքի մէջ։ Ան այս ուղղութեամբ նշեց, թէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին իր մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Ղպտի Եկեղեցւոյ այս դժուար ժամանակաշրջանին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ