Բարձ Ճեզիրէ - Սուրիա
Նուարդը մայր էր բոլոր վարդապետներուն անխտիր
Կայքէջիս անձնակազմը եւ տնօրէնութիւնը
ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանին
Կայքէջիս յանձնախումբին նախկին անդամին եւ գործակիցին
Երեքշաբթի 12 հոկտեմբեր 2010-ին, առաւօտեան դէմ, հալէպի հիւանդանոցին մէջ, տիրամայր Նուարդ Պահօ Եղիաեանը, սրբազան խորհուրդները ընդունելէ ետք, ձեռամբ իր որդիէն Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանէն, կը լքէ երկրաւոր կեանքը, յանձնուելու համար Տիրոջ բազուկներուն մէջ:
Երեկոյեան ժամը ութին, Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը եւ իր եկեղեցասէր ու զգաստ եղբայրները մեռելակառքով կը հասնին Գամիշլի, փոխադրելով տիրամօր մարմինը շքեղ զարդարուած սպիտակ վարդերով թագաղը, տեղաւորելով հանգուցեալ ամուսնին Եուսէֆ Միխայիլ Եղիայեանի տան մէջ:
Չորեքշաբթի 13 հոկտեմբեր 2010-ին կէսօրին ժամը երկուքին, քահանայից դասը տան կարգը կատարելէ ետք, ուղղուեցան դէպի սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը:
Արարողութեան նախագահեց' Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը, հանգուցեալ տիրամօր զաւակը, առընթերակայութեամբ' հայր Նարեկ վրդ. Նամոյանի, ժողովրդապետ աթոռանիստ սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ եւ հայր Գառնիկ վրդ. Յովսէփեանի, ժողովրդապետ Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց եկեղեցւոյ:
Ժամանած էին նաեւ Հալէպէն' Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Շահպազեանը, եպիսկոպոսական փոխանորդ Բերիոյ թեմին, տէր Եղիշէ Ճենճի սարկաւագը, Լիբանանէն հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը ժողովրդապետ Անճառի Տիրամօր Վարդարանի եկեղեցւոյ, Միացեալ Ամերիկեան Նահանգներէն հայր Անտոն վրդ. Սարոյեանը, նախկին ժողովրդապետ Կլէնտըլի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցւոյ, ներկայ էին նաեւ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանաները, տեղական քոյր եկեղեցւոյ ասորի եւ քաղդէացի քահանաները, առաքինազարդ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եկեղեցական եւ աշխարհիկ եւ հոծ բազմութիւն մը հայ եւ օտար հաւատացեալ ժողովուրդէն:
Թաղման արարողութենէն ետք, խօսք առաւ հանգուցեալ տիրամօր թոռնիկներէն մին, Մարիա Թոնի Եղիաեանը, ան ըսաւ. «Սիրեցեալ տատիկ իմ, հաւաքուած ենք այսօր քու շուրջդ, մենք որպէս քու որդիներդ, թոռնիկներդ, պարագաներդ ու բարեկամներդ վերջին յարգանքի տուրքը ու հրաժեշտը տալու այս տխրելի ու ցաւալի բաժանումիդ առթիւ: Քու անթիւ շնորհքներդ աստղի նման կը շողշողան տիեզերքին մէջ:
Քեզմէ սորվեցանք երբ պէտք է ժպտիլ, երբ աշխատիլ եւ ինչպէս ծառայել: Ով սքանչելի տատիկ իմ, պիտի ապրիս ցմիշտ մեր հոգիներուն, սրտերուն եւ խիղճերուն մէջ, եւ մենք միմիայն փոքրիկ մաս մըն ենք քու համեղ պտուղներէդ»:
Խօսք առաւ գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Շահպազեանը, ան ըսաւ. «Յանուն Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, առաջնորդ Բերիոյ թեմին կաթողիկէ հայոց եւ առաքելական կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի թեմին, որ այժմ կը գտնուի Հռոմ մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի համար յատուկ Սիւնոդհոսին, սրտագին ու խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ եղբօրս ի քրիստոս Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ իր սգաւոր եղբայրներուն ու ընտանիքին: Ինչպէս նաեւ ի խորոց սրտէ երախտագէտ եմ Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանին, որ իմ հիւանդութեանս առաջին տարիներուն նեցուկ կանգնած էր ինծի եւ է մինչեւ այսօր:
Ով անուշ ու գեղեցիկ տիրամայր իմ Նուարդ, դուն ես արեւը եւ բոլոր մայրերը քու շուրջդ մոլորակներ են: Հայր Աստուած ողորմի հոգին եւ զինք անթառամ պսակին արժանացնէ»:
Խօսք առաւ նաեւ, յանուն Եղիաեան ընտանիքի, հայր Անտոն վրդ. Սարոյեանը, մտերիմ ու հաւատարիմ բարեկամը ընտանիքին, ան ըսաւ. «հանգուցեալ տիրամայրը ոչ միայն եղած էր մայր գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ.Եղիայեանի, այլ մայր' բոլոր վարդապետներուն անխտիր, ան սիրով ու գուրգուրանքով կը դիմաւորէր բոլորը: Այս տրտում ու մռայլ պահուն, ուր ֆիզիքապէս տիրամայր Նուարդը մեզ լքեց, սակայն հոգապէս վստահ եմ թէ ինք այսօր իսկ Աստուծոյ եւ անոր սուրբերուն ու հրեշտակներուն հետ մտերմիկ խօսակցութեան մէջ է: Չեմ գիտեր թէ ով աւելի պէտք ունի միւսին աղօթքին մե՞նք թէ ինքը»:
Ի վերջոյ խօսք առաւ հայր Նարեկ վրդ. Նամոյանը, ժողովրդապետ աթոռանիստ սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ, ան ըսաւ.« Յանուն գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանի, ընդհանուր կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի կաթողիկէ հայոց թեմին, որ այժմ կը գտնուի Հայաստան, սրտաբուխ ու անկեղծ ցաւակցութիւնները կը փոխանցեմ սգակիր բոլոր ընտանիքի անդամներուն: Թող սուրբ Հոգին ձեզ մխիթարէ ու հանգուցեալ տիրամայրը Աստուծոյ հովանիի ներքեւ պահպանէ»:
Յաջորդ օրը, հինգշաբթի 14 հոկտեմբեր 2010-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, աթոռանիստ սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ Պատարագ ու ապա հոգեհանգստեան պաշտօն մատոյց Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը, առընթերակայութեամբ հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանի եւ հայր Անտոն վրդ. Սարոյեանի:
Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, պատարագիչ գերյարգելին իր սրտին խօսքին մէջ ըսաւ. «Յուզումնախառն այս պահուն, յանուն Պահօ եւ Եղիաեան ընտանիքի եւ իմ անունովս, սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան մօրս թաղման յուղարկաւորութեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք թէ հեռագիրով թէ հեռախօսով մասնակցեցան մեր խոր սուգին ու մեծ ցաւին:
Ով սիրասուն մայրիկ իմ, վեհ էիր բոլորին նայուածքին մէջ ու պիտի մնաս ցմիշտ վսեմը եւ բարձրագոյնը, վսեմ էիր քու առատաձեռնութեանդ մէջ, վեհ էիր սիրոյդ եւ ներողամտութեանդ մէջ, վսեմ յոյսիդ մէջ մանաւանդ երբ կորսնցուցիր ծնողքդ: եւ քու տարաժամիդ վերջին րոպէին իսկ եղար մեզի բոլորիս համահաւասար օրինակելին եւ օրինակը համբերանքի, աղօթքի եւ հաւատքի:
Այժմ որ երկինք կը գտնուիս սուրբ Հոգւոյն հովանին ներքեւ ու Աստուածամօր ու բոլոր Սուրբերուն ներկայութիւնը կը վայելես բարեխօսեա մեզ համար այժմ եւ ի ժամու մահուան մերոյ ամէն»:
Սուրբ Պատարագէն ետք, Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը, իր եղբայրներն ու կղերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ թահլիճը ուր տեղի ունեցան ցաւակցութիւնները:
Ապա բոլորը ուղղուեցան դէպի Զօհրապեան ճաշարանը ուր տեղի ունեցաւ հոգեհացը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Գ. վ. Յովսէփեան