Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011 - Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

  

Պէյրութ

 

Երեքշաբթի, 1 մարտ 2011, կէսօրուան ժամը 12-ին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ՝ արհի. Վարդան եպս. Աշգարեանի, վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան, Արցախի գիւղատնտեսութեան աջակցման հիմնադրամի՝ Ակրոֆոնտի տնօրէն Վահրամ Պաղտասարեանի, Լիբանանի Արցախ ֆոնտի ներկայացուցիչի, հայ կաթողիկէ ժողովրդապետներու, քահանաներու եւ համայնքի ազգային դէմքերու։

 

Հոգեւոր տէրը նախ բարի գալուստ մաղթեց Արցախի վարչապետին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան, ապա անդրադառձաւ իր վերջին հովուապետական այցելութեան մասին դէպի Հայաստան եւ Արցախ։ Արցախի վարչապետը իր կարգին խօսեցաւ Արցախի ներկայ կացութեան եւ գիւղատնտեսութեան վերաբերող հարցերու մասին։ Ինչպէս նաեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախեան հարցին վերջին զարգացումները եւ քաղաքական լուծման հոլովոյթները։

 

Հանդիպման աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականի գիրքը եւ պատրիարքարանի խորհրդանշանով յուշանուէր մը նուիրեց վարչապետին։   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ