Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2008 - «Oeuvre d'Orient» Կազմակերպութեան Նախագահը Մեսրոպեանի Մէջ


Լիբանան

 
Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2008-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Ֆրանսայի «էoվրը
 
Տ’Օրիան» կազմակերպութեան նախագահ գերապայծառ հայր Ֆիլիփ Պրիզար, որուն կÿընկերանային Փաթրիք Լիպան, Էվա Պարթոլի (ծրագիրներու պատասխանատու), ինչպէս նաեւ մեծարգոյ հիւրերուն կÿուղեկցէր գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գերապայծառ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան:

Հիւրերը դիմաւորեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Անոնք երկար զրոյց մը ունեցան տնօրէնին գրասենեակին մէջ, ուրկէ այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի վարժարանի տարբեր բաժիններ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին:

Անոնք եղան նաեւ Արուեստից վարժարանին մէջ՝ մէկ-մէկ այցելելով բոլոր դասասենեակները: Արուեստից վարժարանէն հիւրերը ուղղուեցան դէպի «Ֆարաճեան» լսարան եւ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի նորաբաց «Աբրահամ Ներկիզեան» գրադարանը: Նախակրթարանի բաժին այցելութեան ընթացքին անոնք եղան երգ եւ երաժշտութեան դասապահի մը դասալսողները: Աշակերտները երգով մը ողջունեցին մեծարգոյ հիւրերը:

Այնուհետեւ անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուրկէ ուղղուեցան դէպի վարժարանի սիրտը, ուր վեր կը խոյանայ Ս. Մեսրոպին նուիրուած յուշակոթողը: Այս յուշակոթողին առջեւ ալ, ինչպէս աւանդութիւն արդէն դարձած է, հիւրերը յիշատակի համար լուսանկարուեցան: Մեկնումէն առաջ գերապայծառ հայր Ֆիլիփ Պրիզար իր խօսքը ուղղելով տնօրէն Կրեկուար Գալուստին ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ բոլորդ, հսկայ աշխատանք տեսայ շրջագայելով դպրոցին մէջ: Շատ մեծ ու լաւ տպաւորութիւններ ստացայ այս վարժարանէն: Լաւ աշխատած էք եւ կÿաշխատիք: Պիտի մաղթեմ, որ այսպէս շարունակէք»:

Իսկ Չորեքշաբթի՝ 5 Նոյեմբեր 2008-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Պարրա, որուն կÿընկերանային դեսպանի առաջին խորհրդատու Տիկ. Գարին Գարէյը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Վարպետ Ոսկերիչներու եւ Գոհարագործներու սենտիքայի տնօրէն Պերճ Արապեանը:
 

Անոնք տնօրէնի գրասենեակէն ներս կարճատեւ զրոյցէ ետք շրջագայեցան վարժարանին մէջ: Պարոն դեսպանը հիացմունքով արտայայտուեցաւ
 
Մեսրոպեան վարժարանին հասցէին,
 
նկատի ունենալով յատկապէս անոր ժամանակակից պահանջներուն հետ առընչուող բոլոր պայմաններուն ներկայութիւնը այս կրթական հաստատութեան մէջ: Ան իր կարծիքը գրեց վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ, ուր յատկապէս կÿըսէ. «Շնորհակալ ենք ձեր ընդունելութեան համար: Կը գնահատենք ձեր տարած աշխատանքները: Կը մաղթենք նորանոր ու աւելի մեծ յաջողութիւններ»:

Դարձեալ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, Շաբաթ 1 Նոյեմբեր 2008ին, հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր ներկայ գտնուելու համար վարժարանի 70-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու երկար շարքի առաջին հանդէսին՝ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի «Աբրահամ Ներկիզեան» գրադարանի եւ «Ֆոր Մամÿըն Մի» վարսատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ