Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2007 - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կը Մեկնի Հռոմ

 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ


Ուրբաթ 23 Նոյեմբերին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս  Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը մեկնի Հռոմ: Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւոր զբաղումները պիտի ըլլան՝ հանդիպումներ կատարել Վատիկանեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ եւ Սարկաւագի Ձեռնադրութիւն:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանայ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Դեկտեմբեր 3ին:

Պէյրութ, 20 Նոյեմբեր 2007

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ