Հռոմ
«Մեր ուրախութիւնը՝ Քրիստոսի խաչն է . ան է մեր յաղթանակը: Աւելի մեծ սէր չկայ քան իր կեանքը տալ ...»
Այս բառերը երգեցին այն երիտասարդները, որոնք հաւաքուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, կիրակի 13 ապրիլի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետին շուրջ, Ծաղկազարդի օրը, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար դարձած է երիտասարդներու նուիրուած համաշխարհային օր:
Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յաջորդ «Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը» պիտի ըլլայ Քրաքովիայի մէջ 2016-ին եւ որպէս խորագիր պիտի ունենայ ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն''։
Ստորեւ կու տանք Վատիկանի Ռատիոկայանի հայերէն լուրը ամբողջութեամբ:
Կիրակի 13 ապրիլի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած ծաղկազարդի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսք ուղղեց Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջազգային հանդիպումի 250 պատուիրակներուն, որոնք 10 -13 ապրիլ Հռոմի մէջ մասնակցեցան ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օր, Ռիօ 2013 - ՔրաՔովիա 2016'' նիւթով հաւաքի մը, որպէս պատրաստութին Քրաքովիայի մէջ, 2016-ին նշուելիք, երիտասրադութեան միջազգային հաւաքին, որուն նիւթն է ''Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն''։
''Քիչ ետք - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - Պրազիլցի երիտասարդներ Լեհ երիտասարդներուն պիտի յանձնեն Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յատկանշող Խաչը որ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, 30 տարիներ առաջ, յանձնած էր երիտասարդներուն ու անոնցմէ խնդրած էր զայն տանիլ ամենուրէք որպէս նշան Քրիստոսի Սիրոյն՝ հանդէպ մարդկութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ մտանանշեց թէ յառաջիկայ 27 ապրիլին Երանելի Յովհաննէս Պօղս Բ. Յովհաննէս ԻԳ.ի հետ միասին սուրբ պիտի հռչակուի եւ պիտի դառնայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան պաշտպան սուրբը, ու սուրբերու հաղորդութեան մէջ պիտի շարունակէ աշխարհի երիտասարդներուն համար ըլլալ Հայր ու բարեկամ։ «Խնդրենք Տիրոջմէ որ Խաչը եւ Տիրամօր Սրբապատկերը ըլլան բոլորին համար յոյսի նշան` աշխարհին յայտնելով Քրիստոսի յաղթական սէրը» ըսաւ ան։
Այս խօսքերուն աւարտին տեղի ունեցաւ Խաչի պաշտօնական փոխանցումը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Լեհ եւ Պրազիլցի երիտասարդներուն ընկերացող Կարտինալ Ճիվիչին եւ Կարտինալ Օրանի Թեմբեսդային։ Ան ապա պաշտօնապէս յայտարարեց թէ յառաջիկայ 15 օգոստոսին Քորէա պիտի մեկնի ուր Տայժէոնի մէջ պիտի հանդիպի Ասիայի երիտասարդներուն։
''Այժմ մեր աղօթքը ուղղենք Աստուածամօր` որպէսզի մեզ օգնէ հետեւելու Յիսուսին, սիրով եւ հաւատքով'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու Մարեմեան Աղօթքը արտասանելէ ետք բոլոր ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։
http://hy.radiovaticana.va/news/2014/04/13/ֆրանչիսկոս_պապը_երանելի_յովհաննէս_պօղոս_բ_քահանայապետը_կը_հռչակէ_%60/arm-790495
http://www.youtube.com/watch?feature=player_embedded&v=SGtEnh5tWiw