Երկուշաբթի, 6 Յուլիս 2015 - Սարգիս Նաճարեան կը պարգեւատրուի

 

Պէյրութ     

                                                                           

Լիբանանի Տեղեկատուութեան Կաթողիկէ Կեդրոնին տարեկան ճաշկերոյթը այս տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցաւ 3 յուլիս 2015, ուրբաթ երեկոյեան Գազինօ Տիւ Լիպանի Salle des Ambassadeur-ին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու Խորհուրդի նախագահ կարդինալ Պշարա Ռաիի եւ ներկայութեամբ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնաժողովի նախագահ՝ մարոնիթներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքապետերու, պապական նուիրակ Կապրիելլէ Քաչիա եպիսկոպոսին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, Լիբանանի լրագրող խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի, լիբանանեան հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներու եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։

Նախքան երեկոյին պաշտօնական յայտագրին գործադրութիւնը, ներկաները հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երանաշնորհ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  Կաթողիկոս Պատրիարքին յիշատակը։ Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առնելով՝  տեղակատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Պու Քասմ, Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը եւ կարդինալ Ռաի՝ վեր առին մամուլին, հաղորդամիջոցներու եւ լրագրողներու աշխատանքին կարեւորութիւնը հասարակութիւնը իրազեկելու եւ զայն ճշմարտութեան հաղորդակից դարձնելու ուղղութեամբ։

Այնուհետեւ տեսաերիզով ներկայացուեցան վեց հաղորդամիջոցներ եւ լրագրողներ՝ Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուութեան խորհրդական Ռաֆիք Շլելա, հայր Եուսէֆ Մուաննէս, Եուսէֆ Աշքար, Գլօտ Ապունատեր Հինտի, Սարգիս Նաճարեան, Հապիպ Շլուք եւ Թելէ-Լիմիէր, որոնք կարդինալ Պշարա Ռաիի եւ ներկայ Պատրիարքներուն ու պապական նուիրակին ձեռամբ պարգեւատրուեցան ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնաժողովի եւ տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին յուշատախտակներով։ Շնորհաւորելով Սարգիս Նաճարեանը, կարդինալ Ռաի ափսոսած որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը բացակայի այս հանդիսութենէն եւ բարձր գնահատեց անոր ներդրումը Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու գործունէութեան մէջ։ Սարգիս Նաճարեան իր կարգին յայտնեց որ այս պարգեւը կը ձօնէ երանաշնորհ Հայրապետին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ