Երեւան
17 յուլիս 2012-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին:
Ողջունելով հիւրին՝ նախարար Նալբանդեանը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի ամուր յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ` հիմնուած ըլլալով դարերու խորքէն եկող պատմական կապերու, քրիստոնէական արժեհամակարգի եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան վրայ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Սուրբ Աթոռի բազմամեայ բարեգործական գործունէութեան համար:
Նախարար Նալպանտեան եւ կարդինալ Սանտրին կարեւորեցին անցեալ դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Վատիկան եւ սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի հետ անոր հանդիպումը` իբրեւ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի եւս մէկ վկայութիւն:
Զրուցակիցները քննարկեցին փոխադարձ կապերու ընդլայնման առնչուող շարք մը հարցեր, մտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու վերաբերեալ: