Ուրբաթ, 4 Յունուար 2008 - «Ֆայհա» Երգչախումբի Համերգ «Պետողլեան» Սրահին Մէջ

 

Պէյրութ, Լիբանան

Click to enlargeԿազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հինգշաբթի՝  3 Յունուար 2008ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը՝ Վարշաւայի միջազգային փառատօնին առաջին մրցանակին արժանանալուն առիթով, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեանի, Մինայի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներուն, կղերականներուն եւ մեծ թիւով մշակութասէր հայորդիներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ անձնուէր տղոց ու աղջիկներուն երգով կարելի եղաւ բարձր պահել Լիբանանի անունը:Պոյաճեան նշեց, թէ արուեստը մեծ դերակատարութիւն ունի կեանքին մէջ՝ իբրեւ հոգեմտաւոր զարգացման կարեւոր գործօն:
Ապա խօսք առաւ լիբանանցի բանաստեղծ Հանրի Զըղէյպ, որ հաստատեց, թէ «Ֆայհա» խումբն ու խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանը Լիբանանի անունը բարձր պահեցին Վարշաւայի մէջ:Զըղէյպ ըսաւ, թէ Թասլաքեանի յաջողութիւնը արդիւնքն էր իր ունեցած ինքնավստահութեան եւ դժուարութիւններուն դէմ կանգնելու ամուր կամքին:
Զոյգ խօսքերէն ետք բեմ բարձրացաւ «Ֆայհա» երգչախումբը, որ երկու հանգրուանով ներկաներուն հրամցուց հայերէնով, արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով 22 երգ:
Յատկանշական էր Կոմիտասի «Զար զընգը», «Հինգ էծ ունեմ» եւ «Ծիրանի ծառ» ստեղծագործութիւններուն ներկայացումը, ինչպէս նաեւ Կանաչեանի «Դալիլօ»ն ու «Օրօր»ը, եւ Յովհաննէսեանի «Շորորա»ն:
Երեք երգերու նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը: Համերգի աւարտին Վարշաւայի միջազգային փառատօնին առաջին մրցանակին արժանանալուն առիթով «Ֆայհա» երգչախումբին խմբավարը Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան երկրորդական վարժարանին կողմէ ստացաւ յուշանուէր մը:
Նշենք, որ յուշանուէրը Պարգեւ Թասլաքեանին յանձնեցին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան:

 
 
 
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ