Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2006 - Արցախի արտաքին գործոց նախարարը եւ վերաբնակեցման հարցերու պատասխանատուն այցելեցին Պատրիարքարան

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը, Գէորգի Պետրոսեան եւ Արցախի վերաշինութեան ու վերաբնակեցման հարցերու պատասխանատու Սերժ Ամիրխանեան, ուղեկցութեամբ Արցախ ֆոնտի Լիբանանի Մարմնի անդամներու, երէկ կ. առաջ ժամը 11-ին այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Սբ.Խաչ եւ Սբ.Աւետման Եկեղեցիներուն Ժողովրդապետ Հայրերը, Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան եւ Գեր.Հ.Նարեկ Վ.Լուիսեան, եւ Թեմական Յանձնախումբի անդամներ:

Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ բարիգալուստի խօսքէն ետք տեղի ունեցած ջերմ ու սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին, Պր.Գ.Պետրոսեան եւ Ս.Ամիրխանեան լայն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային իրավիճակի, մասնաւորաբար վերաբնակեցման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ միջազգային հովանաւորութեամբ շարունակուող խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքի մասին: Անոնք վերահաստատեցին Արցախահայութեան անվիճելի իրաւունքները եւ անտեղիտալի վճռականութիւնը պաշտպանելու այդ իրաւունքները, մասնաւորաբար իր սեփական ճակատագրին տէր մնալու ու անկախութեան իրաւունքը, եւ երաշխաւորելու իր անվտանգութիւնը: Երկու պատասխանատուները գնահատեցին Արցախի այս կեցուածքին՝ համայն Հայութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը եւ կարեւորեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքներու դերը ՝ Արցախի ակնկալած համահայկական զօրակցութեան շարունակումին եւ ուժեղացումին համար:

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը վստահեցուց որ Սփիւռքահայութիւնը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակեն իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը ի խնդիր Արցախի արդար իրաւունքներու միջազգային ճանաչման եւ Արցախի ժողովուրդի բարեկեցութեան:



 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ