Թեհրան
Ստորեւ՝ Թեհրանի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ » Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ, 23 յունուարին մատուցուած հայրապետական սուրբ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մուտքին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ կանգնեցուած Նահատակաց Յուշարձանի օծման եւ բացումին առթիւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ արտասանած խօսքը։
«Խորախորհուրդ այս պահը հարիւր տարիէ ի վեր ամէն տարի, յատկապէս Ապրիլ 24-ին, աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը կը համախմբէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող այսպիսի յուշակոթողներու շուրջ։ Սովորական զոհեր չէին անոնք, այլ վասն Հաւատքի, Ազգի եւ Հայրենիքի զոհուած նահատակներ։
Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողներուն շուրջ 100 տարիէ ի վեր, ամէն տարի տեղի ունեցող ոգեկոչական հաւաքները սովորամոլ երեւոյթներ չեն, այլ մեր հաւաքական յիշողութեան անջնջելիութիւնը ցոյց տուող վկայութիւններ, այդ յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու հանգրուաններ։ Անոնք կը վկայեն որ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ծրագրուած ու ամէնէն զարհուրհելի միջոցներով գործադրուած ցեղասպանութիւնը ոչ միայն չմոռցուեցաւ, այլ յանուն Ճշմարտութեան ու Արդարութեան ոճիրին հեղինակները միջազգային ատեաններուն առջեւ կանգնեցնելու պահանջը տարուէ տարի աւելի մեծ թափ ստացաւ, կանխելու համար ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը։ Անոնք 100 տարիէ ի վեր կրկնուող ամենամեայ տխրայուշ արարողակարգեր ըլլալէ դադրած են Հայոց Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցէն ի վեր եւ դարձած են ցեղասպանուած մեր ժողովուրդին պահանջատէրի յանձնառութիւնը բարձրաղաղակ հնչեցնելու առիթներ։
Յուշարձանը, որուն օծումը եւ բացումը կը կատարենք այսօր, աշխարհի բոլոր կողմերը կանգնեցուած Ապրիլեան Նահատակաց նուիրուած յուշարձաններուն նման՝ պիտի ըլլայ ամենօրեայ յուշարար մը, կանգնած եկեղեցւոյ կողքին, Խաչին զօրութեամբ եւ Տիրամօր ձայնով մեզի՝ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուս յիշեցնելու համար մեր արմատներուն եւ անկէ բխած արժէքներուն, մեր ինքնութեան կառչելու եւ իրենցմէ մեզի կտակուած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը անհատապէս եւ հաւաքաբար հետապնդելու իւրաքանչիւրիս յանձնառութիւնը։ Իւրաքանչիւր Ապրիլեան Յուշարձան մեր ժողովուրդին մշտահունչ խօսափողն է միջազգային հասարակութեան յիշեցնելու համար Հայ Դատը՝ որ իր արդար լուծումին կը սպասէ։ Այդ լուծումին ճանապարհը կþանցնի պատմական ճշմարտութեան ճանաչումէն եւ արդար հատուցումէն։
Տարին որ կը սկսի պատմականօրէն նշանակլից է հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ համայն Հայութեան համար։ Զայն նշանակալից դարձնելու մեր ժողովուրդին վճռականութիւնը ակնյայտ է ամենուրեք, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։
Հայկական պետականութեան առաջնորդութեամբ, Եկեղեցի ու ժողովուրդ՝ կոչուած ենք աւելի եւ աւելի ուժեղ հնչեցնելու ազգային պահանջատիրութեան սարդարապատեան ղօղանջները համաշխարհային հրապարակներուն վրայ, քաղաքակիրթ ըլլալ յաւակնող միջազգային հասարակութեան յիշեցնելու ու անընդհատ վերյիշեցնելու 1915-ի Հայոց Գողգոթան եւ պահանջելու անոր հետեւանքներուն դարմանումը, որ կը սկսի պատմական Ճշմարտութեան ճանաչումով, Արդարութեան եւ հայրենահանուած ու ցեղասպանուած մեր ժողովուրդի անկորնջելի իրաւունքներու վերականգնումով։
Ամէն Հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի, կոչուած է դառնալու քառակերտ այս յուշարձաններէն փոխանցուող պատգամներուն արձագանգող կենդանի յուշարձաններ, եւ այն ժամանակ, վստահ կրնաք ըլլալ որ Աստուած պիտի արձագանգէ անոր աղերսալի ձայնին՝ «Տէ՛ր, կեցո՛ Դու զհայս, եւ արա զնոսա պայծառս»: