Պէյրութ, Լիբանան
Ուրբաթ` 20 Յունիս 2008ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ռումանիոյ հայազգի փոխվարչապետ եւ տնտեսութեան նախարար՝ Վարուժան Ոսկանեան այցելեց hայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր նախարարին ողջունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոն Պատրիարքը: Հանդիպման ներկայ էին նախարար Ոսկանեանի դուստրը, Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան՝ Տանիէլ Թանաս եւ դեսպանատան խորհրդական՝ Իյոն Մոկոս, ինչպէս նաեւ հիւպատոս Արա Խաչատուրեան, երեսփոխան Մեթր. Սերժ Դուրսարգիսեան, Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան եւ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Նախարար Վարուժան Ոսկանեան Լիբանան կը գտնուի պաշտօնական այցելութեամբ մը համագործակցութեան ծրագրեր մշակելու Ռումանիոյ եւ Լիբանանի միջեւ: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը բարձր գանահատեց Ոսկանեանի տարած աշխատանքը թէ՛ իբրեւ քաղաքական գործիչ եւ թէ՛ իբրեւ հայ մարդ: Զրոյցի ընթացքին Հոգեւոր Տէրը եւ Նախարար Ոսկանեան խօսեցան Ռումանահայ եւ Լիբանանահայ գաղութներու կարեւորութեան եւ դերակատարութեան մասին: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց նաեւ լայն տեղեկութիւններ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուաճումներու մասին, անդրադառնալով նաեւ Ռումանիոյ Եպիսկոպոս Եագուպինիի հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութեան եւ գործակցութեան մասին, որուն հոգատարութեան յանձնած է Ռումանիոյ հայ կաթողիկէ համայնքը: Հոգեւոր Տէրը խորին մտահոգութեամբ արտայայտուեցաւ նաեւ համայնքէն ներս կոչումներու պակասին մասին:
Հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը Ոսկանեանի նուիրեց Գրիգոր Լուսաւորչի յուշամետալը: Իր կարգին Ոսկանեան շնորհակալական եւ երախտիքի խօսքեր յայտնեց եւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց գեղանկարչական ալպոմ մը եւ ռումաներէն-հայերէն եւ հայերէն-ռումաներէն բառարաններ, ինչպէս նաեւ պաշտօնապէս հրաւիրեց Հոգեւոր Տէրը այցելելու Ռումանիա: