Լիբանան
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի, համաձայնագիր մը կնքուեցաւ ֆրանսական Եու.Էս..Ժի.(U.S.J.) համալսարանին հետ, որուն համաձայն համալսարանի մանկավարժութեան կաճառի տնօրէնութենէն պատասխանատուներու եւ մանկավարժ-հոգեբաններու արհեստավարժ խումբ մը պիտի աշխատէր Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչական կազմերուն հետ, ուսումնասիրելով վարժարանի մէջ մինչեւ այժմ գործադրուող ակադեմական ծրագիրը, վերծանելով անոր հետ առընչուող բոլոր խնդիրները, ինչպէս նաեւ այժմէականացնելու համար գործող մեթոտաբանական եւ դասաւանդման բոլոր ծրագիրները:
Առաջին հանդիպում ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2009-ի առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ: Եու.Էս.Ժի. (U.S.J.) համալսարանի մասնագէտներու խումբը իր աշխատանքները նախ եւ առաջ սկսաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «Արդէն երկու ամիս է, որ սկսած ենք գործակցիլ այս ծրագրին շուրջ համալսարանին հետ, նպատակ ունենալով զարգացնել գործող ծրագիրը, այժմէականացնել զայն եւ ամէն ինչ ընել հայ աշակերտին տալու համար լաւագոյնը: Այդ կէտէն մեկնելով, ծրագրեցինք եւ պիտի աշխատինք համագործակցաբար համալսարանին հետ, վստահութեան հիմերու վրայ եւ օգտուելով անոր մասնագէտներու փորձառութենէն»: Այնուհետեւ խօսք առաւ Եու.Էս.Ժի. (U.S.J.) համալսարանի մանկավարժութեան կաճառի տնօրէնուհի, Մեսրոպեան վարժարան ժամանած մասնագէտներու խումբին ղեկավար Դոկտ. Կարինէ Զօհրապեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն տնօրէնին իրենց ընծայուած վստահութեան համար, ապա խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն ըսաւ. «Դուք բախտաւոր էք, որովհետեւ Մեսրոպեան վարժարանը առաջին վարժարանն է, որ նմանօրինակ առաջարկով մը հանդէս եկաւ: Միասնաբար գործակցելով պիտի փորձենք բացայայտել բոլոր բացթողումները, յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ այն կէտերը, որոնք արդէն դրական են՝ զանոնք աւելի զարգացնել»:
Հերթաբար ելոյթներ ունեցան տարբեր մասնագէտներ, անոնցմէ Դոկտ. Սիւզան Ապուրժէյլի, որ համալսարանի օրթոփետակոժի-ի բաժանմունքի մասնագէտներէն է, ըսաւ. «Մեր ուսումնասիրութիւնը պիտի կեդրոնանայ փոխանցումի եղանակներուն վրայ, սերտօրէն գործակցելով ուսուցչական կազմին հետ: Զանազան հանգրուաններէ պիտի անցնինք, գիտնալու համար որոնք են դժուարութիւնները եւ կարիքները, որոնք կապուած են դասին, ուսուցիչին, ծնողքին եւ աշակերտին հետ»:
Այս արհեստավարժ գործունէութիւնը կը միտի տակաւին մասնագիտական հանդիպումներ վարժարանի տնօրէնին, կրթական պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն հետ: Լրջօրէն պիտի ուսումնասիրուի գործող ուսումնական ծրագիրը, պիտի իրականան դասասենեակներ առանձին այցեր, իսկ վերջաւորութեան այս բոլորը վերատեսութեան պիտի ենթարկուին ուսուցչուհիին կամ ուսուցիչին հետ միատեղ: Հանդիպումներ պիտի իրականան նաեւ զբօսանքներու ժամանակ:
Այս ողջ ծրագրին կը մասնակցէին նաեւ համալսարանէն Նիքոլ Ապտըլ Նուրը, Տիանա Ղրէյպը, Ռայա Քրէյտին:
Հանդիպումը տեւեց մինչեւ կէսօրուան ժամը 12: Ասիկա սկիզբն է մեծ իրագործումներու եւ 8 ամիսներու վրայ երկարող լուրջ ուսումնասիրութեան գործընթացի մը, որուն արդիւնքը պիտի ըլլան ձեռք առնուելիք գործնական քայլերը, որոնք միշտ ունին մէկ նպատակ՝ ամէն ինչ ընել, հայ աշակերտին լաւապէս ծառայելու համար: