Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2014 - Օր Մոխրոցի սուրբ Պատարագ
Պէյրութ

Երկուշաբթի, 3 մարտ 2014-ին, «Օր Մոխրոց»ին առթիւ, առաւօտեան ժամը 9-ին, «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, առընթերակայութեամբ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի: Պատարագին մասնակցեցան արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ հայր Պերճ վրդ. Սապէհ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ յայտնեց թէ աղօթքը սովորական արտասանութիւն չէ այլ հոգեւոր սնունդ կը շնորհէ անհատին որպէսզի իր սիրտը բանայ Տիրոջ եւ զինք ընդունի իր մէջ: Ծոմապահութիւնը, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, մեզի կը սորվեցնէ զոհուիլ եւ ձերբազատիլ մարդկային ցանկութիւններէ, աւելի լաւ ճանչնալու համար Աստուած: Ան յիշեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երկու օր առաջ արտասանած այն խօսքը՝ թէ իւրաքանչիւր մարդ երկինք պիտի երթայ միայն իր բարի գործերով:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի հիւրասիրութիւն կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ