Զմմառ
Կիրակի 3 մարտ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, Զմմառու վանք այցելեցին խումբ մը Ֆրանսացի ուխտաւորներ, մօտ 23 հոգի, (Diocèse de Meaux – Seine et Marne): Անոնք կու գային «Նէմուր» միջնադարեան հնամենի քաղաքէն, որ կը գտնուի Փարիզի հարաւակողմը: Ուխտաւորներուն ընկերակցած էին P. Joseph Gilloots, ծագումով Լիբանանցի Pierre Antonios վարդապետը, սարկաւագ մը եւ Քասլիքի համալսարանէն Տիկ. Ֆրանսուազ Հպայքա, որ կը գործակցի Պէյրութի Զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ: Հիւրերը յաջորդաբար այցելեցին վանքին եկեղեցին, թանգարանն եւ գինեմառանը: