Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2015 - Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ անուան յիշում սուրբ Պատարագներուն մէջ:

 

 

 

Ծանուցում

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՆՈՒՆԸ ՅԻՇԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ, ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԷՋ

 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը յիշեցնէ Արհիապատիւ, Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հայրերուն, որ բոլոր սուրբ Պատարագներու ընթացքին, սրբագործումէն ետք կատարուելիք աղօթքներուն եւ յիշատակումներուն մէջ եւ սրբազան Քահանայապետին Անունը տալէն ետք, պարտին յիշել Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ անունը հետեւեալ ձեւով.

Գրաբարով՝

«Եւս առաւել զՍրբազան Պապն մեր զՏէր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ եւ զգերերջանիկ Պատրիարքն մեր զՏէր Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս (եւ զերջանիկ Առաջնորդն մեր զՏէր Ա. Ա. Արքեպիս­կո­պո­սն կամ  Եպիս­կո­պո­սն) շնորհեսցես մեզ ընդ երկայն աւուրս ուղիղ վարդապետութեամբ»: 

Իսկ աշխարհաբար ձեւին մէջ՝

«Եւ մա­նա­ւանդ մեր Սրբա­զան Պա­պը՝ Տէր Ֆրանչիսկոս Քա­հա­նա­յա­պե­տը եւ մեր Գե­րեր­ջա­նիկ Պատր­ի­ար­քը՝ Տէր Գրիգոր Պետրոս Կա­թո­ղի­կո­սը (եւ մեր Արհ­ի­ա­պա­տիւ Արքեպիս­կո­պո­սը կամ  Եպիս­կո­պո­սը՝ Տէր Ա. Ա.), շնոր­հէ՛ մե­զի, եր­կար օրե­րով եւ ու­ղիղ վար­դա­պե­տու­թեամբ։

 

Կը յիշեցնենք նաեւ թէ ամէն 9 օգոստոսին,  եւ անոր մօտիկ կիրակիին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութեան տարեդարձին, յաւարտ սուրբ Պատարագներուն, պարտին կատարել «Կարգ մաղթանաց վասն հայրապետին», որ կը գտնուի տարւոյն ծիսական օրացոյցին մէջ:

 

Պէյրութ, 28 յուլիս 2015

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ