Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2009 - Պէյրութ¬Հայաստան ՀԿՄական կապեր

 

17 Յուլիս երեկոյեան ժամը 6ին, Հայաստանէն ժամանած հայր Անտոն Թոթոնջեան ՀԿՄ պատանեկան միութեան գերագոյն Խորհուրդի հրաւէրով մասնակցեցաւ անոր մէկ յատուկ ժողովին, որու ընթացքին իր վկայութիւնը տուաւ Հայաստանի մէջ նոր հիմնուած ՀԿՄ Պատանեկանի մասին:

 

Նշենք որ ՀԿՄ պատանեկանը 2010ին կը բոլորէ իր 25 ամեակը: Հիմնուած 1985ին Պէյրութի մէջ, Հայր Անդրանիկ ԾՎ Կռանեանի հոգեւոր եւ ազգային ուղղութիւններուն վրայ, այսօր կր գործէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Հիմնական նպատակ ունենալով ստեղծել միջավայր մը առողջ՝ պատանիներու համար, այսօր, մօտ 25 տարիներ ետք կը զարգացնէ միջազգային դիմագիծ մը, փորձելով դիմագրաւել ներկայ աշարհիս մարտահրաւէրները, ինչպէս համաշխարհայինացումը եւ ապազգայինացումը:

Սոյն ժողովին հար Անտոն Թոթոնջեան նկատել տուաւ որ երկու հիմնական մասնաճիւղեր գոյութիւն ունին այժմ Հայաստանի մէջ, մէկը՝ Արեւիկ, իսկ միւսը՝ Փանիկ: Ան յայտնեց իր դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ նոր սերունդին դաստիարակութեան մասին: Լիբանանի Գերագոյն խորհուրդի անդամները ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք, առաջարկեցին նաեւ իրենց օգնութիւնը բերել իրենց կարողութեան համաձայն:

Սոյն հանդիպումին մասնակցեցան հայր Անդրանիկ ԾՎ Կռանեան եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Ինչպէս նաեւ Մհեր Գալենտերեան եւ Արամ Քարատաղլեան հրամանատարները: Երկու ընկերուհիներ՝ Թամար եւ Հուրի ապահովեցին ատենագրութիւնն ու մամլոյ ծառայութիւնը:

Հայր Անտոն այս ժողովին յայտնեց նաեւ թէ մօտ օրէն Հայաստանի այս առաքելութիւնը իր յատուկ կայքէջը պիտի ունենայ, եւ այս ուղղութեամբ գաղափարներու փոխանակում տեղի ունեցաւ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ