Զմմառ
Շաբաթ 22 յունիսին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երանելի Իգնատիոոս Մալոյեանի նուիրուած աղօթք, որու ընթացքին երեք վարդապետներ խօսք առին: Կը ներկայացնենք Զմմառու նորընծայարանի փոխ-տեսուչ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանինը:
«Ամեն. եւ Գերջ. Հոգեւոր Տէր,
Գերապայծառ մեծաւոր հայր,
Գերպայծառ Տէր,
Գերյարգելի, գերապատիւ վարդապետներ,
Արժանապատիւ Տէր հայրեր,
Բարեշնորհ Ժառանգաւորներ:
Խօսելէն ետք Երանելի Մալոյեանի մասին` իբրեւ առաքինի եկեղեցականն ու միաբանը, ապա երանելիին օրինակէն մեկնած` քահանայի սրբութեան եւ քահանայի սրբակեաց կեանքին մասին, այժմ պահն է անդրադառնալու նաեւ քահանային հաւատքին մասին: մեկնելով երանելի Մալոյեանի կեանքի օրինակէն, կը սորվինք թէ ինչպէս ան հետամուտ էր ապրելու քրիստոնէական առաքինութիւնները: Անոր բարեպաշտութիւնը կը զարգանար իր անձնական յարաբերութեամբ Աստուծոյ` իր արարչին հետ: Զանազան վկայութիւններ եւ փաստաթուղթեր կը բացայայտեն որ ան ունեցած է առաքինի կեանք մը: Այսպէս` կը կարդանք թէ «Մալոյեան Գերապայծառը ժամանակը կը յատկացնէր հաւատքի եւ կրօնական վարդապետութեան ճշմարտութեան պաշտպանութեան համար: Մեկնելով այդ ճշմարտութիւններէն` ան կը նուիրագործէր իր միտքն ու գործը: Առաջնորդը իր մէջ կը զարգանայ կրօնքով ու խղճով: Կ’ապրէր Ս. հայրապետներուն գրութիւններով: Նոյնիսկ կը սորվէր եբրայերէն լեզուն, խորապէս տիրանալու համար Սուրբ Գրքի հոգիին ու իմաստին: Ան յաճախ կը կրկնէր. Քահանան կը կարօտի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն»:
Երանելի Մալոյեանի համար այս երեք իրականութիւնները անբաժան կը թուին: Փիլիսոփայութիւնը մարդուն միտքը կը մարզէ, Աստուածաբանութիւնը զայն կը մղէ դէպի աստուածային գիտութեան, իսկ հոգեւոր արժէքները քահանայ-մարդուն ընդմէջէն կը յայտնաբերեն Աստուծոյ սէրը իւրաքանչիւր անհատի ու հաւատացեալի հանդէպ:
Իսկ քահանան որպէսզի կարենայ այս արժէքներուն թարգմանը հանդիսանալ, պէտք է որ ան Տիրոջ հանդէպ խո՜ր հաւատք մը ունենայ:
Սակայն այս հաւատքը ունենալու համար« զայն ապրելու համար, քահանայ մարդը չի կրնար միմիայն վստահիլ իր անձնական ոյժերուն կամ կարողութիւններուն վրայ: Ճիշդ է թէ քրիստոնէական հաւատքը Աստուծմէ կը տրուի, կը յայտնուի մարդուն, սակայն հոս պէտք չէ մոռնալ Աստուծմէ մարդուն տուած Շնորհքին կարեւորութիւնը, ըմբռնելու համար հաւատքի խոր իմաստը: Որքան ալ մարդ արարածը Աստուած փնտռէ ու զայն գտնել ուզէ, ան չի կրնար իր անձնական ոյժերուն վստահելով իրականացնել իր նպատակը Աստուած գտնելու եւ կամ Աստուծոյ դէմքը (դիմագիծը) տեսնելու: Սուրբ Պօղոս մեզի կ’ըսէ Կորնթացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ (1 Կորն, 1, 21). «Աշխարհը ամբողջ իր իմաստութեամբ չճանչցաւ զԱստուած, եւ ա՜լ աւելին երբ կը յիշէ թէ Աստուածային յայտնութիւնը յանկարծակիօրէն կը պատահի, անսպասելի վայրկեաններու ընթացքին, որով Ինքը` Աստուած կ’ըսէ թէ` «Գտան զիս անոնք որոնք չէին փնտռեր, ինքզինքս յայտնեցի անոնց որոնք զիս չէին հարցներ» (Հռ 10, 20 – Ես. 65, 1):
Նոր Աւետարանացման տարածումի քահանայապետական ժողովին հրատարակած գիրքին մէջ` մեզի կը բացատրուի թէ, այս հաւատքի տարւոյն ընթացքին, մենք հրաւիրուած ենք վերստին գտնելու եւ յայտարարելու մեր հաւատքին պարզութիւնը: Այն որ քրիստոնեայ հաւատքը չի ճանչնար, պիտի ենթադրէ թէ ան բարդ իրականութիւն մըն է: Սակայն քրիստոնէութիւնը կը քարոզէ թէ հաւատքին մէջ ամէն բան յատուկ ներդաշնակութեամբ իրարու կապուած է, ինչպէս մարմինին մէջ, որովհետեւ կենդանի Աստուածը մէկ է, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսով մարդկային պատմութեան մէջ: Բենեդիկտոս 16րդ յաճախ յայտարարած է, նոյնիսկ իր քահանայապետի ընտրութենէն առաջ, թէ ՙՔրիստոնեայ հաւատքը իր խորքին մէջ կենդանի Աստուծոյ հետ հանդիպում մըն է: Աստուած ճշմարիտն է ու մեր հաւատքի ուղիղ պարունակութիւնն է: Այս առումով, մեր հաւատքի պարունակութիւնը շատ պարզ է. Ես կը հաւատամ Աստուծոյ: Պէտք է նկատի առնել թէ պարզ իրականութիւնը ընդհանրապէս ա՛լ աւելի խոր իրականութեան մը մէջ կը գոյանայ: Կրնանք հաւատալ Աստուծոյ, որովհետեւ Ան մեզի կը պատկանի, (մեր իրաւունքն է), որովհետեւ Ան մեր մէջն է, եւ որովհետեւ արտաքին երեւոյթով ալ մեզի կը մօտենայ: Կրնանք նաեւ Աստուծոյ հաւատալ, որովհետեւ Ան ներկայ է անոր մէջ որ Ինքը ղրկեց: Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ ՙՈչ ոք երբեք տեսած է Հայրը, այլ միայն այն, որ Աստուծմէ է, տեսած է Հայրը՚: Իսկ Քրիստոնէականին մէջ կը կարդանք. թէ Ան` Քրիստոս ՙմիակն է որ կրնայ ճանչնալ Հայրը եւ Իր մասին մարդոց յայտնել՚: Ուրեմն, այս գաղափարէն մեկնելով` կրնանք ըսել թէ հաւատքը մասնակցութիւն մըն է Քրիստոսի հայեացքին, նայուածքին կամ ակնարկին: Հաւատքի բոլոր ճշմարտութիւնները կը գտնուին մէկ ճշմարտութեան մէջ որ նոյնիքն Աստուած է: Աստուած մեզի համար ամենաթանկագին մարգարիտն է որուն համար կ’արժէ ամբողջ մեր կեանքը նուիրել: Այն որ Աստուած գտնէ« շահած կ’ըլլայ ամէն ինչ: Բայց մենք զԻնք կը գտնենք որովհետեւ Ինք սկիզբէն մեզ փնտռեց ու գտաւ: Առաջին հերթին, Ինքն է որ կը գործէ, կը կիրարկէ եւ այս պատճառով Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը անբաժանելի է մարդեղութեան խորհուրդէն, Եկեղեցիէն ու խորհուրդներէն՚:
Կը շարունակեմ ըսել, թէ հաւատքը մարդոց պատասխանն է Աստուծոյ յայտնութեան: Այս պատճառով հաւատքը պարգեւ մըն է, ուրախութիւն մըն է, իսկ ուրախութիւնը ճշգրիտ արտայայտութիւնն է Անոր ներկայութեան մարդուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամենաճիշդ զգացումի արտայայտութիւնն է մարդուն սրտին: Ի՞նչն է որ մարդս կը մղէ կապ հաստատելու Աստուծոյ հետ: Անոր յայտնաբերած սէ՛րն է: Ասոր համար է որ Բենեդիկտոս 16րդը քրիստոնեայ հաւատքի խորքին մէջ կ’աւելցնէ ըսելով թէ մենք հաւատացինք Աստուծոյ սիրոյն, որուն միջոցաւ քրիստոնեայ անհատը կրնայ իր կեանքի հիմնական որոշումը տալ: Քրիստոնէական իրականութեան մէջ` Անձի մը հետ հանդիպում մը կայ, որ նոր հորիզոններ կը բանայ մարդուն մտքին մէջ, որուն միջոցաւ մարդը կրնայ ճշգրիտ որոշումի մը յանգիլ՚: Ասոր համար, Քրիստոնեայ հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ իսկական հաւատքն է Անոր` որ աշխարհ եկաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ:
Ի վերջոյ, այս համառօտ խորհրդածութիւնս կը փակեմ հաւատքի տարածման աշխատանքային մի քանի գաղափարներով:
Այն` որ Քրիստոսը գտած է կամ յայտնաբերած է իր կեանքին մէջ, պարտի ուրիշին մէջ ալ այդ զգացումը արթնցնել: Որովհետեւ, նամանաւանդ մենք, չենք կրնար այս ամենամեծ ուրախութիւնը միմիայն մեր անձերուն համար յատկացնել: Պէտք է զայն հաղորդել ուրիշներուն: Այսօր ամենուրեք աշխարհի մէջ անտարբերութիւն կը տիրէ: Եւ ըստ երեւոյթին, կարծէք ամէն բան ալ լաւ կ’ընթանայ, առանց Աստուծոյ շատ կարեւորութիւն տալու: Բայց նոյն ժամանակ` հոգեկան ընկճումի մը զգացումը կը տիրէ շա՛տ շատերու ներքին կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անտարբերութեան հոգին: Տարածուած արտայայտութիւններէն մին է որ կ’ըսուի թէ նոյնիսկ կղերական դասին մէջ գործնականօրէն, իմաստի լայն առումով` նոյն հոգին կը թափառի: Նոյն ատեն« եւ վստահաբար ալ գոյութիւն ունի բարի Աւետիսի ուրախութեան հոգին: Այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, մենք պարտինք օգնել մարդոց, որպէսզի կարենան իրե՛նք եւս յայտնաբերել ճշմարիտ աստղը իրենց կեանքին մէջ, որ ցոյց կու տայ դէպի ճշմարտութիւն տանող ուղին՝ Յիսուս Քրիստոս: Փորձենք մենք ալ մեր կարգին` ա՛լ աւելի ճանչնալ զԻնք, որպէսզի կարենանք համոզիչ գաղափարներով ուրիշները տանիլ դէպի Քրիստոս: Ասոր համար չի բաւեր միայն ճանչնալ, գիտնալ կամ հասկցած ըլլալ Եկեղեցւոյ հաւատքը սուրբ Գիրքի խօսքերուն միջոցաւ, այլ պէտք է զայն ապրիլ սուրբ Հոգիին ցոյց տուած ուղութիւններուն հետեւելով, ինք, որ կ’առաջնորդէ նաեւ Եկեղեցին` զայն մղելով դէպի յաւիտենական ճշմարտութեան խորքը:
Երանելի Մալոյեան, կարողացաւ ապրիլ այս հաւատքը եւ վկայել այս ճշմարտութեան, իրեն հետ առաջնորդելով նաեւ իրեն յանձնուած հաւատացեալներու բազմութիւնը: Մեր միաբանակիցին բարեխօսութիւնը կը խնդրենք այսօր, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը նաեւ քաջութիւնը ունենայ հաւատարմօրէն վկայելու յաւիտենական ճշմարտութեան: Ամէն»: